Միջազգային

Քրեմլին Փութին-Թրամփ-Ճինփինկ Եռակողմ  Վեհաժողովի Մը Գումարումը Հաւանական Կը Նկատէ

Քրեմլին Փութին-Թրամփ-Ճինփինկ Եռակողմ Վեհաժողովի Մը Գումարումը Հաւանական Կը Նկատէ

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, անոր ամերիկացի եւ չին պաշտօնակիցներ Տանըլտ Թրամփն ու Շի Ճինփինկը կրնան Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան` ԷՅՓԱՔ-ի նոյեմբերին նախատեսուած վեհաժողովի ընթացքին եռակողմ ժողով մը գումարել: Ուշաքով Պիշքեքի մէջ այդպիսի ժողովի մը գումարման կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Այո՛, այս հարցը քննարկուեցաւ, եւ կը նախատեսուի, որ երեք...

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ  Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած  Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման,  Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման, Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կրող փոխըմբռնման յուշագիրին նկատմամբ յանձնառութիւնը երկու շաբաթէն աւելի չտեւեց: Փեզեշքիան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերադառնալէն անմիջապէս ետք, Իրան նոյնը պիտի կատարէ: Ան աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, իր երկիրը իր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային համաձայնութիւնները կատարելու պատուաբեր ցուցանիշ ունի: Միացեալ Նահանգներու փոխնախարար Ճէյ. Տի. Վանս...

Նեթանիահու. «Յունաստանի Հետ Ապահովական  Համաձայնութիւնը Շրջանային Դաշինքները Կ՛ամրապնդէ  Եւ Իսրայէլի Ուժը Ցոյց Կու Տայ»

Նեթանիահու. «Յունաստանի Հետ Ապահովական Համաձայնութիւնը Շրջանային Դաշինքները Կ՛ամրապնդէ Եւ Իսրայէլի Ուժը Ցոյց Կու Տայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բրիտանական «Թելեկրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Յունաստանի հետ կնքուած ապահովական համաձայնութիւնը, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է, «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ տասը տարի առաջ մեր կնքած Միջին Արեւելքի դաշինքի ուղղակի շարունակութիւնն է»: «Անիկա իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան հսկայական կարողութեան յաւելեալ ապացոյց է», աւելցուց ան: Նեթանիահու տողատակի Թուրքիոյ ակնարկելով նշեց. «Այս քայլը կ՛արտացոլէ Իսրայէլի ուժը,...

Զախարովա. «Պալթեան Շրջանէն Իր Դէմ Որեւէ  Թշնամական Արարքի Ռուսիոյ Հակադարձութիւնը  Կործանարար Պիտի Ըլլայ»

Զախարովա. «Պալթեան Շրջանէն Իր Դէմ Որեւէ Թշնամական Արարքի Ռուսիոյ Հակադարձութիւնը Կործանարար Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Պալթեան շրջանէն իր դէմ որեւէ թշնամական արարքի Ռուսիոյ հակադարձութիւնը կործանարար պիտի ըլլայ»: Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Պալթեան շրջանին մէջ զինուորական ու քաղաքական կացութեան նոր մագլցում արձանագրուելու պարագային, պէտք է անգամ մը եւս հաստատել, որ անխոհեմ հակառուսական նախաձեռնութիւններու հրահրիչներուն Ռուսիոյ պատասխանը վճռական պիտի ըլլայ: Անոնք պէտք է իմանան, թէ այդ պատասխանը իրենց...

Ռուսիոյ Ելեւմուտքի Նախարարի Միացեալ  Նահանգներու Մէջ Քսաններու Խմբակի Ժողովին  Ներկայութիւնը Եւրոպացիներուն Դժգոհութիւն Պատճառեց

Ռուսիոյ Ելեւմուտքի Նախարարի Միացեալ Նահանգներու Մէջ Քսաններու Խմբակի Ժողովին Ներկայութիւնը Եւրոպացիներուն Դժգոհութիւն Պատճառեց

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանով երկուշաբթի օր ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քսաններու խմբակի ժողովին եւ ուքրանական թղթածրարի քննարկման համար հանդիպում ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ, ինչ որ եւրոպական պետութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուց: Սիլուանովի ներկայութիւնը յայտարարուեցաւ միայն այն պահուն, երբ ան Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Աշվիլ քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի մնացեալ պատուիրակներուն մէջ յայտնուեցաւ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ...

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան  Անդամները Վերահաստատած Են Իրանի  Գերիշխանութեան Իրենց Աջակցութիւնը

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամները Վերահաստատած Են Իրանի Գերիշխանութեան Իրենց Աջակցութիւնը

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Իրանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ զօրակցած դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Հռչակագիրի բնագիրը հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին վրայ: «Անդամ պետութիւնները, վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կը զօրակցին հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Այս առնչութեամբ անոնք կ՛ողջունեն բոլոր ջանքերը` ուղղուած շրջանին մէջ կացութեան լարուածութեան մեղմացման»,...

Իրան – Միացեալ Նահանգներ  Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ հրդեհ ծագած է քարիւղատար նաւու մը վրայ, որ Հորմուզի նեղուցին հարաւը «ապօրինի ուղիով» նաւարկելու ընթացքին երկու ականներու բախած է: Պահակագունդը զգուշացուց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ ապահովական դասաւորումները խախտող նաւերուն ճակատագիրը նշեալ քարիւղատարին նման պիտի ըլլայ, եւ նաւերու կողմէ նեղուցին մէջ նաւարկման համար իր ուժերու յայտարարած ցուցմունքներուն հետեւիլը «պարտադիր է»: Իրանեան բանակը իր...

Ֆիտան. «Մեքքայի Պաշտպանութեան  Համաձայնագիրի Հիմնական Կառուցուածքի  Ձեւաւորումը Սկսաւ»

Ֆիտան. «Մեքքայի Պաշտպանութեան Համաձայնագիրի Հիմնական Կառուցուածքի Ձեւաւորումը Սկսաւ»

Երէկ Պոլսոյ մէջ գումարուեցաւ Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրէն բխած քաղաքական ու պաշտպանական յանձնախումբի ժողովը, որ անդրադարձաւ միջազգային ապահովութեան եւ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ գործակցութեան խորացման հարցերուն, ինչպէս նաեւ քննարկեց յանձնախումբին ունեցած բանակցութիւնները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերու ամրապնդումը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ժողովի աւարտին յայտնեց, որ Մեքքայի պաշտպանութեան համաձայնագիրի հիմնական կառուցուածքի ձեւաւորումը սկսած է` նշելով, որ համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի դաշինքին ամբողջացում...

Թրամփ «Ամերիկեան Նոր Հողամասեր»  Ներկայացնող Նկար Մը Հրապարակեց

Թրամփ «Ամերիկեան Նոր Հողամասեր» Ներկայացնող Նկար Մը Հրապարակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոր վէճ յառաջացուց, երբ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Հորմուզի նեղուցի քարտէսը եւ Փորթօ Ռիքոյի, Հիւսիսային Մարիանա կղզիներու, Վըրճին կղզիներու, Կուամի, Ուէյք կղզիի, Ուաշինկթընի, Ամերիկեան Սամոայի, Միքրոնեզիոյ դաշնակցային պետութիւններու եւ Մարշալեան կղզիներու դրօշներու նկարները, որոնք միաւորուած էին «Ամերիկեան հողամասեր» եզրաբանութեան տակ: Նախքան այդ, Թրամփ իրերայաջորդ կերպով յայտարարած էր, թէ Հորմուզի նեղուցը կը գտնուի Միացեալ...

Ղարիպապատի. «Օմանի Հետ Գոյացուցինք  Հորմուզի Նեղուցին Շուրջ Փոխըմբռնում Մը,  Որ Սակայն Պիտի Չգործադրուի, Մինչեւ Որ  Ամերիկան Իր Խոստումները Յարգէ»

Ղարիպապատի. «Օմանի Հետ Գոյացուցինք Հորմուզի Նեղուցին Շուրջ Փոխըմբռնում Մը, Որ Սակայն Պիտի Չգործադրուի, Մինչեւ Որ Ամերիկան Իր Խոստումները Յարգէ»

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի յայտարարեց. «Օմանի հետ գոյացուցինք Հորմուզի նեղուցին շուրջ փոխըմբռնում մը, որ սակայն պիտի չգործադրուի, մինչեւ որ Ամերիկան իր խոստումները յարգէ»: «Եթէ Ամերիկան իր յանձն առածները չգործադրէ, մենք աճապարուած չենք Հորմուզի նեղուցը բանալու», նշեց ան: «Քաթարն ու Փաքիստանը աշխատանք կը տանին փոխըմբռնման յուշագիրի կէտերու գործադրութեան վերադառնալու կարելիութիւնը քննարկելու», աւելցուց Ղարիպապատի: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց....

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի.  Իսրայէլ Այսօր Յունաստանի Հետ Համաձայնագիր  Կը Ստորագրէ` Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կողմէ Հաւանական  Սպառնալիքներու Դիմակայման Համար Հակաօդային  Պաշտպանութեան Համակարգ Վաճառելու Շուրջ

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Իսրայէլ Այսօր Յունաստանի Հետ Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ` Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կողմէ Հաւանական Սպառնալիքներու Դիմակայման Համար Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգ Վաճառելու Շուրջ

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յունաստան այսօր Թել Աւիւի մէջ պիտի ստորագրէ 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական գործարք մը` Թուրքիայէն ու Իրանէն հաւանական  սպառնալիքներու դիմակայման նպատակով համարկուած, բազմաշերտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար: Օրաթերթը նշեց, որ գործարքը, որուն շուրջ բանակցութիւնները տեւած են երեք տարի, պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատմութեան մէջ պաշտպանական արտածումի մեծագոյնը` շրջանցելով 2023 թուականին Գերմանիոյ «Էրօ 3» համակարգ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուային Թրամփի,  Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Վեհաժողով  Գումարելու Առաջարկ Փոխանցած Է

Ըստ «Աքսիոս»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուային Թրամփի, Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Վեհաժողով Գումարելու Առաջարկ Փոխանցած Է

Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը գումարելու առաջարկ մը: Ամերիկեան կայքը աւելցուց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ Զելենսքին տեղեակ պահած են Ռաթքլիֆի` Մոսկուայի մէջ ունեցած բանակցութիւններու բովանդակութենէն ու եռակողմ վեհաժողով գումարելու առաջարկէն: «Աքսիոս» հաղորդեց, որ...

Իսլանտացիները Կը Մերժեն Եւրոպական  Միութեան Միանալու  Բանակցութիւնները Շարունակել

Իսլանտացիները Կը Մերժեն Եւրոպական Միութեան Միանալու Բանակցութիւնները Շարունակել

Կիրակի օր տեղի ունեցած հանրաքուէի վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, իսլանտացիները կը մերժեն Եւրոպական Միութեան միանալու բանակցութիւնները շարունակել: Հանրաքուէի արդիւնքները յուսախաբ կ՛ընեն Եւրոպական Միութիւնը, որ կ՛ուզէր, որ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայ գտնուող եւ հարուստ կղզին մաս կազմէ միութեան: Հանրաքուէի արդիւնքներուն համաձայն, իսլանտացիներուն 52,8 առ հարիւրը Եւրոպական Միութեան միանալու բանակցութիւններու շարունակման դէմ քուէարկած են, իսկ 47,2 առ հարիւրը թեր: Հանրաքուէի արդիւնքներուն պատճառով կղզիի Եւրոպական...

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

Լեհաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` Պաքուն Քննադատող Տեսագրութեան Պատճառով

Պաքուի մէջ Լեհաստանի դեսպան Փաւել Ռատոմսքի կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր «Թի.Վի.Փի. Ուորլտ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած Ազրպէյճանի մասին քննադատական տեսագրութեան վերաբերեալ բողոքագիր յանձնած են: Տեսագրութիւնը կը վերաբերի «Արեւելեան ճեպընթաց» հաղորդումին, որ 26 օգոստոսին սփռուած է լեհական անգլիալեզու պետական պատկերասփիւռի «Թի.Վի.Փի. Ուորլտ» կայանէն: Կայանի «Էքս»-ի վրայ հրապարակումին համաձայն, հաղորդումը քննարկած է Ազրպէյճանի ներքաղաքական իրավիճակը, ներառեալ` յիշատակած առանձին լրագրողներու...

Փեսքով. «Մոսկուայի Եւ Եւրոպայի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Բարելաւման  Տեսանելի Հիմքեր Չկան»

Փեսքով. «Մոսկուայի Եւ Եւրոպայի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Տեսանելի Հիմքեր Չկան»

Եւրոպան ամբողջութեամբ զօրաշարժի կ՛ենթարկէ իր զինուորական ներուժը եւ կ՛ուղղէ Ռուսիոյ դէմ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ան նշեց, որ ներկայիս Մոսկուայի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման տեսանելի հիմքեր չկան: «Ես չեմ տեսներ որեւէ պատճառ յոյս ունենալու Եւրոպայի հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ: Իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական գործիչներու ներկայ սերունդը բախման տրամադրուած է ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ...

Թրամփ. «Իրանը Ձախող Պետութիւն Է,  Եւ Անոնք Համաձայնութիւն Կնքել Կ՛աղաչեն»

Թրամփ. «Իրանը Ձախող Պետութիւն Է, Եւ Անոնք Համաձայնութիւն Կնքել Կ՛աղաչեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանը «ձախող պետութիւն» որակեց: Ան ըսաւ, որ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին համար Ճանըթըն Հանթի Իրանի վերաբերեալ պատրաստած տեղեկագիրը «մասնաւորապէս ճշգրիտ չէ»: «Ես ժողով գումարել չեմ ուզեր, իրենք այդ մէկը կ՛ուզեն: Իրականութեան մէջ, անոնք համաձայնութիւն կնքել կ՛աղաչեն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Հորմուզի...

Մելատինոֆ. «Թուրքիան Կազայի Մէջ Կայունութեան  Միջազգային Ուժին Մաս Պիտի Չկազմէ»

Մելատինոֆ. «Թուրքիան Կազայի Մէջ Կայունութեան Միջազգային Ուժին Մաս Պիտի Չկազմէ»

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մելատինոֆ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ճամբու քարտէսը չյարգելը կը սպառնայ տապալել Կազայի մէջ զինադադարը»` աւելցնելով. «Զինադադարի տապալումէն զգուշացումս ուղղուած է պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն»: «Կազայի վերաբերեալ ներկայ ծրագիրէն աւելի լաւ այլընտրանք գոյութիւն չունի, եւ պատերազմին վերադառնալը քանդիչ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: «Միջազգային ուժի տեղակայման մեքանիզմն ու Կազայի մէջ տեղակայման դիրքերը ճշդեցինք», նշեց Մելատինոֆ:...

Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. Թագաւորը Մահացաւ

Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. Թագաւորը Մահացաւ

Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. թագաւորը 89 տարեկանին մահացած է Օսլոյի հիւանդանոցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է թագաւորական տան մամլոյ ծառայութիւնը: «Հարալտ Ե. թագաւորը վախճանած է: Խոր ցաւով կը յայտնենք, որ նորին մեծութիւն Հարալտ թագաւորը այսօր վախճանած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նորվեկիոյ թագաւորը հիւանդանոց փոխադրուած էր 17 օգոստոսին: Այդ ժամանակէն ի վեր ան չէր լքած...

Ուաշինկթըն. «Բանակցութիւններ Չկան».  Իսլամապատ. «Բարեկամ Պետութիւններու Հետ  Կը Շարունակենք Իրանի Եւ Ամերիկայի  Միջեւ Միջնորդութեան Ջանքերը»

Ուաշինկթըն. «Բանակցութիւններ Չկան». Իսլամապատ. «Բարեկամ Պետութիւններու Հետ Կը Շարունակենք Իրանի Եւ Ամերիկայի Միջեւ Միջնորդութեան Ջանքերը»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Իսլամապատ բարեկամ պետութիւններու հետ գործակցաբար կը շարունակէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդութեան ջանքերը: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր Թեհրան այցելած է միջնորդութեան ծիրին մէջ` վերանորոգելու համար Հորմուզի նեղուցը բանալու ջանքերը: Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ յայտարարեց. «Կ՛ուզենք Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերջ տալ բանակցութիւններու եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային...

Չինաստանի Եւ Նեփալի Սահմանին Վրայ  Տեղի Ունեցած Հողի Սահանքին Պատճառով  Հազարաւոր Անհետ Կորսուածներ

Չինաստանի Եւ Նեփալի Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Հողի Սահանքին Պատճառով Հազարաւոր Անհետ Կորսուածներ

Չինաստանի եւ Նեփալի սահմանին վրայ գտնուող անցակէտի շրջանին մէջ հողի սահանքի պատճառով անհետ կորսուածներուն թիւը հասաւ 1300-ի: Անհետ կորսուածներուն շարքին են զբօսաշրջիկներ: Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ Քաթմանտուէն շուրջ 66 քիլոմեթր հիւսիս, սահմանին մօտ արձանագրուած 4,4 աստիճան երկրաշարժը, որուն մասին նախապէս հաղորդուած էր, իրականութեան մէջ յառաջացած է սառոյցի փլուզումով պայմանաւորուած երկրաշարժէ, որուն յաջորդած է ցեխի հոսքը: Անօդաչու թռչող...

Page 11 of 881 1 … 10 11 12 … 881

Արխիւներ