Միջազգային

«Իսրայէլ Պէտք Է Դադրեցնէ Սուրիոյ  Վրայ Իր Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Իսրայէլ Պէտք Է Դադրեցնէ Սուրիոյ Վրայ Իր Յարձակումները» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց. «Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Սուրիոյ վրայ իր յարձակումները, եւ մենք պիտի շարունակենք սուրիական բանակին զինուորական աջակցութիւն տրամադրել»: «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարման յայտարարութիւնը կարեւոր է Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանման ու մէկ պետութեան հասկացողութեան ամրապնդման համար», յայտնեց նախարարութիւնը:  

Միացեալ Նահանգներ Հաշուետուութեան  Պիտի Ենթարկեն Իրանեան Վարչակարգին  Ֆինանսական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Կողմերը

Միացեալ Նահանգներ Հաշուետուութեան Պիտի Ենթարկեն Իրանեան Վարչակարգին Ֆինանսական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Կողմերը

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ հաշուետուութեան պիտի ենթարկեն այն կողմերը, որոնք իրանեան վարչակարգին ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն»: «Պէտք է իրանեան տնտեսութեան երակներու մնացորդին վրայ ելեւմտական ճնշումը շարունակել», նշեց նախարարութիւնը: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները միակողմանի են, եւ անոնց աջակցելու որոշում չկայ»: Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Շնորհիւ մեր որդեգրած...

Ապտի Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն.  «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Լուծարումն  Ու Պետութեան Հաստատութիւններուն Մէջ Ամբողջական  Համարկումը Կը Յայտարարենք»

Ապտի Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Լուծարումն Ու Պետութեան Հաստատութիւններուն Մէջ Ամբողջական Համարկումը Կը Յայտարարենք»

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարումն ու պետութեան հաստատութիւններուն մէջ ամբողջական համարկումը յայտարարեց: «Այսօր կանգնած ենք պատմական պահու մը առջեւ, երբ կը փակենք Սուրիոյ պատմութեան մէկ կարեւոր էջը եւ կը բանանք նոր էջ մը, որուն խորագիրը խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ կառուցում է», նշեց ան: «Այսօր պայմանները փոխուած...

«Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուա՞ Այցելած Է

«Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուա՞ Այցելած Է

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ երեքշաբթի օր Մոսկուա այցելած է: Թռիչքներու հետեւող տուեալներ եւ ընկերային ցանցի վրայ տարածուած տեսագրութիւններ ցոյց տուին ամերիկեան զինուորական օդանաւի մը էջքը Ռուսիոյ մայրաքաղաք, եւ ամերիկեան ինքնաշարժներու շարասիւնի մը երթը Մոսկուայի ճամբաներուն վրայ: Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին, իսկ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.Նիուզ»-ի հաստատեցին Ռաթքլիֆի այցելութեան լուրը: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, թէ նախքան այդ, Միացեալ...

Պեսենթ. «Իրանի Վրայ Պիտի Սկսինք  Ելեւմտական Յարձակում Մը, Որ Իր Տեսակին Մէջ  Բացարձակապէս Մեծագոյնն Է»

Պեսենթ. «Իրանի Վրայ Պիտի Սկսինք Ելեւմտական Յարձակում Մը, Որ Իր Տեսակին Մէջ Բացարձակապէս Մեծագոյնն Է»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտնեց. «Իրանի տնտեսական հաշուետուութեան օրը կը մօտենայ»` յայտարարելով. «Ուաշինկթըն այսօր արշալոյսին պիտի սկսի Թեհրանի վրայ իր տեսակին մէջ բացարձակապէս մեծագոյն ելեւմտական յարձակում մը»: Պեսենթ բացատրեց, որ նշեալ քայլի նպատակը կտրել է տնտեսական ամէն երակ, որ կը նպաստէ իրանեան վարչակարգին ոտքի մնալուն` զգուշացնելով երկիրները իրենց ճակատագիրը Թեհրանին կապելէ` նշելով, որ ատիկա անոնց առջեւ դէպի տեւական...

Շիպանի Կիրակի Օր Յորդանանի Մէջ Հանդիպում  Ունեցած Է Մոսատի Ղեկավարին Հետ

Շիպանի Կիրակի Օր Յորդանանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մոսատի Ղեկավարին Հետ

Երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի կիրակի օր` Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ օդուժի ռազմակայանի մը վրայ իսրայէլեան յարձակումէն քանի մը օր ետք Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոսատի ղեկավար Ռոման Կոֆմանի հետ: Դիւանագիտական աղբիւր մը եւ սուրիական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտնած են, որ անոնք քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Յորդանանի մէջ...

Պարրաք Իր Յայտարարութիւններէն  Ետդարձ Կը Կատարէ

Պարրաք Իր Յայտարարութիւններէն Ետդարձ Կը Կատարէ

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական հարցերու լրագրողը ըսած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնած է, որ Կոլանի մէջ իսրայէլեան ներկայութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւնը «յայտնի պատմական արձանագրութեան նկարագրութիւն մըն էր» եւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերու բռնակցման բացառման պատճառներու մասին հարցումի մը պատասխանելու ծիրին մէջ...

Փեսքով. «Բրիտանիան Կը Խոչընդոտէ  Ուքրանիոյ Խաղաղութեան Հաստատման»

Փեսքով. «Բրիտանիան Կը Խոչընդոտէ Ուքրանիոյ Խաղաղութեան Հաստատման»

Քրեմլին կը յայտարարէ, թէ Բրիտանիան կը խոչընդոտէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման` Քիեւին ՍՔԱԼՓ հեռահաս հրթիռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տրամադրելով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ Բրիտանիան «հետեւողականօրէն կրակի վրայ իւղ կը թափէ» եւ կը փորձէ խոչընդոտել խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ նոյնիսկ չնչին յառաջընթացը: «Ռուսիան պիտի թիրախաւորէ եւ ոչնչացնէ Ուքրանիոյ...

Իրաք Իրանին Ու Սէուտական Արաբիոյ Ապահովական  Համակարգումի Միացեալ Խորհուրդ  Ստեղծելու Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Իրաք Իրանին Ու Սէուտական Արաբիոյ Ապահովական Համակարգումի Միացեալ Խորհուրդ Ստեղծելու Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Իրաքի վարչապետի ապահովական հարցերու խորհրդական Քասեմ Արաժի յայտնեց, որ Իրաք Իրանին ու Սէուտական Արաբիոյ ապահովական համակարգումի միացեալ խորհուրդ ստեղծելու առաջարկ ներկայացուցած է: Արաժի իրաքեան «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, թէ առաջարկին նպատակը Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ վստահութեան տագնապը կարգաւորելն է: Ան այս առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց:  

Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Միջեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Կիորկոս Կերափեթրիթիս հեռաձայնած է իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ շարունակուող համակարգումի լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները եւ շրջանային զարգացումները: Երկու նախարարները նախանձախնդրութիւն յայտնած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հետզհետէ առած թափին վրայ հիմնուելով ընդլայնել տնտեսական, ներդրումային...

Փաքիստանեան Բանակի Հրամանատարը  Այսօր Թեհրան Կ՛այցելէ

Փաքիստանեան Բանակի Հրամանատարը Այսօր Թեհրան Կ՛այցելէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր այսօր պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Թեհրան պիտի այցելէ: Պաղայի նշեց, որ սպասուող այցելութեան նպատակը Իրանի ու Փաքիստանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդումն է եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան աջակցութեան Իսլամապատի ջանքերու շարունակութիւնը: Մունիր հանդիպում պիտի ունենայ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին...

Սաար. «Սուրիոյ Մէջ Թրքական  Ռազմակայաններու Ստեղծումը  Պիտի Չընդունինք»

Սաար. «Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ռազմակայաններու Ստեղծումը Պիտի Չընդունինք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ մագլցումին մէջ որեւէ շահ չունինք: Սուրիոյ մէջ մեր շահը կայունութեան ապահովումն ու ներկայ ապահովական կացութեան պահպանումն է»` նշելով. «Թուրքիան քանի մը տարիէ ի վեր ներկայ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»: «Այն, ինչ որ չենք կրնար ընդունիլ ու չենք ուզեր տեսնել, Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմակայաններու ստեղծումը կամ թրքական զինուորական ուժերու հարաւ իջնելն է:...

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Ազրպէյճան Աշխատանք Կը Տանի Իսրայէլի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ  Լարուածութիւնը Հանդարտեցնելու

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Ազրպէյճան Աշխատանք Կը Տանի Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լարուածութիւնը Հանդարտեցնելու

Ազրպէյճան աշխատանք կը տանի Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու` ամերիկեան նոյնանման ջանքերու զուգահեռ: Այս մասին իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են իսրայէլեան աղբիւրներ: Աղբիւրներուն համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն շուրջ մէկ տարի առաջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաձեռնած էր ուղղակի երկխօսութեան, որուն շնորհիւ երկու կողմերուն միջեւ Սուրիոյ մէջ համակարգման մեքանիզմ ստեղծելու համաձայնութիւն գոյացած էր: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ետիոթ...

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու  Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու  Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն: Թրամփ աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենար, զայն կ՛օգտագործէր եւ «Իսրայէլն ու ամբողջ Միջին Արեւելքը կ՛ոչնչացնէր»: Ան ըսաւ, որ Իրան վերածուած է շրջանին մէջ գերիշխող ուժը եւ «բոլորը բռնածաղրի կ՛ենթարկէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած...

«Թուրքիան Ռազմավարական  Մարտահրաւէր Կը Ներկայացնէ»  Կը Գրէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»

«Թուրքիան Ռազմավարական Մարտահրաւէր Կը Ներկայացնէ» Կը Գրէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Անգարայի խիստ թշնամական կառավարութեան հովանիին տակ Սուրիոյ մէջ թրքական ուժեղ զինուորական ներկայութեան ի յայտ գալը խորքային այլ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ. թրքական ռատարները, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, օդանաւերն ու անօդաչու թռչող սարքերը կրնան սահմանափակել Իսրայէլի տեղաշարժի ազատութիւնը եւ առանց այդ ալ անկայուն հիւսիսային բեմը վերածել այնպիսի բեմի, ուր ներգրաւուած պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան զինեալ ուժերը»: «Սուրիան...

«Էրտողանի Իսրայէլի Ղեկավարներն Ու  Զինուորները Վախցնելու Ողորմելի  Փորձը Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

«Էրտողանի Իսրայէլի Ղեկավարներն Ու Զինուորները Վախցնելու Ողորմելի Փորձը Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Էրտողան կը ջանայ Սուրիայէն Իսրայէլի վրայ իր յարձակումը ընդլայնել, եւ Իսրայէլ այդ մէկը պիտի չարտօնէ: Էրտողանի Իսրայէլի ղեկավարներն ու զինուորները վախցնելու ողորմելի փորձը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ»: «Իսրայէլ պիտի շարունակէ ուժեղ կերպով գործել շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայելու Թուրքիոյ փորձերուն եւ իր անվտանգութեան նկատմամբ որեւէ սպառնալիքի դէմ», նշեց գրասենեակը: Մինչ այդ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը յայտնած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Շիպանի. «Կանուխ Է Իսրայէլի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Քննարկելու»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտնեց. «Թուրքիան վերաշինութեան հիմնական գործընկեր է»` նշելով. «Իսրայէլը պէտք չէ մեզի մեր դաշինքները թելադրէ»: «Մեր առաջնահերթութիւնը իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելն է», ըսաւ ան` նշելով. «Կանուխ է Իսրայէլի հետ որեւէ համաձայնութիւն քննարկելու»: Միւս կողմէ, Շիպանի յայտնեց. «Իրան պէտք է սուրիացի ժողովուրդին դէմ իր գործածը ճանչնայ»:  

Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի  Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի,  Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղթածրարները

Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի, Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղթածրարները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտան իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց շրջանային վերջին զարգացումները: Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք յայտնեց. «Մեր քննարկումներուն ընթացքին գնահատեցինք Կազայի յատուկ խաղաղութեան ծրագիրի գործադրութեան դիմագրաւած խոչընդոտները եւ այն քայլերը, զորս կարելի է որդեգրել»: «Քննարկեցինք նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները, եւ վերահաստատեցինք...

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ  «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ շղթայազերծած է «տնտեսական ամէնէն հզօր եւ զգետնիչ գործողութիւնը», որ պիտի ըլլայ «աննախադէպ մակարդակի տնտեսական պատերազմ մը եւ մեկուսացում մը»: Ան այս քայլը նմանցուց «տնտեսական ցամաքահանման օր»-ի` ակնարկելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի ցամաքահանման: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` անոնց կողքին կանգնելու, մեկուսացնելու համար «իրանեան սպառնալիքն ու զայն պարտութեան մատնելու»: Ան...

Քաց. «Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ  Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւններու Մէջ  Կը Ներքաշէ»

Քաց. «Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւններու Մէջ Կը Ներքաշէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու մէջ» ներքաշելու յանցանքով: «Իսրայէլ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ իր անվտանգութեան սպառնալ», ընդգծեց ան: «Էրտողանի համար աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ բաւարարուէր թրքական խորհրդարանին մէջ Իսրայէլի դէմ իր դատարկ ու երեւակայածին ճառերը արտասանելով, փոխանակ դէպի ուղղակի ճակատում մղում տալու», նշեց Քաց: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց. «Սուրիոյ...

Page 12 of 881 1 … 11 12 13 … 881

Արխիւներ