Միջազգային

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Նեթանիահուի Հետ Բանակին Ցուցմունք Տուինք Այսրյորդանանի Մէջ «Ահաբեկչութեան» Դէմ Համապարփակ Պատերազմի Պատրաստուելու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միատեղ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած է Այսրյորդանանի մէջ «ահաբեկչութեան դէմ համապարփակ պատերազմի» պատրաստուելու: Այս մասին հաղորդեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը: Քաց ըսաւ, որ Իսրայէլ «Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ համապարփակ պատերազմի» պիտի սկսի, եթէ հաստատուի, որ 7 հոկտեմբերի յարձակումին նման յարձակումի մը շղթայազերծման կը պատրաստուի: «Այսրյորդանանի մէջ տարիներու վրայ երկարող...

Գերմանիոյ Մէջ Ծայրայեղ Աջերը Յաղթած Են  Երկրամասային Ընտրութիւններուն

Գերմանիոյ Մէջ Ծայրայեղ Աջերը Յաղթած Են Երկրամասային Ընտրութիւններուն

Գերմանիոյ արեւելեան Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասին մէջ ծայրայեղ աջ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը համոզիչ յաղթանակ արձանագրած է ընտրութիւններուն, սակայն չէ ստացած առանձին կառավարութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը: Ընտրութիւններու վերջնական տուեալներով` «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 43,8 առ հարիւրը` գրեթէ կրկնապատկելով հինգ տարի առաջ ստացած արդիւնքը: Երկրամասային խորհրդարանին մէջ կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 83 աթոռներէն 39-ը. մեծամասնութիւն ունենալու համար անոր յաւելեալ երեք...

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան  Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նաւերու եւ քարիւղատար նաւերու վրայ փոխադարձ յարձակումները մագլցում արձանագրեցին: Մէկ օրուան մէջ շուրջ 10 նաւեր թիրախաւորուեցան, ինչ որ հակամարտութեան մէջ նոր փուլի մը սկիզբը կ՛ահազանգէ: Միացեալ Նահանգներ սպառնաց «ընկղմել» իրանեան քարիւղատար նաւերը, եթէ Թեհրան շարունակէ ամերիկեան ծովուժի նաւերը թիրախաւորել, իսկ իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը շեշտեց, որ ամերիկեան մարտանաւերու վրայ հարուածները կրնան «նախկինէն աւելի...

Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Մոսկուա  Եւ Քիեւ Այցելեցին

Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Մոսկուա Եւ Քիեւ Այցելեցին

Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ շաբաթ օր այցելեցին Մոսկուա, ուր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցան հանդիպում մը, որ ըստ Քրեմլինի «անկեղծ» եւ «կառուցողական» էր: Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով բանակցութիւնները որակեց «կառուցողական եւ չափազանց անկեղծ»: «Բանակցութիւնները սահմանափակուած չէին ուքրանական տագնապի կարգաւորման շուրջ տեսակէտներու փոխանակումով, տնտեսական հարցեր եւ փոխադարձ շահաւէտ ռուս-ամերիկեան մեծ ծրագիրներ մանրամասն կերպով քննարկուեցան», նշեց ան: Ուշաքով...

Ըստ «Հաարեց»-ին.  Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Կը Մերժեն Կազայի  Խաղաղութեան Խորհուրդին Հետ Գործակցիլ

Ըստ «Հաարեց»-ին. Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Կը Մերժեն Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Հետ Գործակցիլ

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան հաստատութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Կազայի վերաբերեալ դասաւորումներու գործադրութեան հսկողութեան Խաղաղութեան խորհուրդին միջեւ վստահութեան տագնապը կ՛աճի` նշելով, որ իսրայէլացի զինուորական ու քաղաքային պաշտօնատարներ կը մերժեն խորհուրդին հետ գործակցիլ եւ ունին այն կարծիքը, թէ խորհուրդը զիրենք լքած է: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Հաարեց»-ին ըսած է, թէ իսրայէլեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն եւ անվտանգութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ, ինչպէս...

«ՕԹԱՆ-ի Դաշինքը Իր Անդամներուն Դէմ  «Խառնածին» Որեւէ Արարք Պիտի Չհանդուրժէ»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

«ՕԹԱՆ-ի Դաշինքը Իր Անդամներուն Դէմ «Խառնածին» Որեւէ Արարք Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մաթիու Ուիթեքըր յայտնեց, որ դաշինքի անդամ պետութիւնները պէտք չէ հանդուրժեն այն արարքները, որոնք «խառնածին պատերազմի» ծիրին մէջ են: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները այդպիսի արարքներու դիմակայման մէջ իրենց դաշնակիցներուն կողքին պիտի կանգնին: Ուիթեքըր նշեց, թէ Գերմանիոյ Լայփցիկ օդակայանին վրայ անցեալ ամիս տեղի ունեցած անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի փորձը, որուն համար Գերմանիան Ռուսիան պատասխանատու նկատեց, ՕԹԱՆ-ի...

Պարրաք. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութեան  Սեղանին Վրայ Չկայ Մէկը, Որ Կրնայ Որոշում Տալ»

Պարրաք. «Սուէյտայի Մէջ Յառաջընթացի Միակ Ուղին Տեղահանուածներուն Վերադարձն Ու Վերաշինութիւնը Արտօնող Երկխօսութիւնն Է»

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք նշեց. «Դժգոհ ենք Սուրիոյ հարաւը գտնուող Սուէյտայի մէջ մագլցումի վերսկսումէն»: «Սուէյտայի մէջ յառաջընթացի միակ ուղին տեղահանուածներուն վերադարձն ու վերաշինութիւնը արտօնող երկխօսութիւնն է», նշեց Պարրաք: «Սուէյտայի մէջ բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի եւ լուրջ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղենք», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

Լաւրով. «Ռուսիան Գերմանիոյ Մէջ Անօդաչու  Թռչող Սարքի Դէպքին Համար Ամբաստանելը  Իսկական Պատերազմի Սկիզբ Է»

Լաւրով. «Ռուսիան Գերմանիոյ Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարքի Դէպքին Համար Ամբաստանելը Իսկական Պատերազմի Սկիզբ Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արեւմուտքի Գերմանիոյ Լայփցիկ օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքի դէպքի մեղսակցութեան համար Մոսկուային ուղղած ամբաստանութիւնը «ընդհանուր առմամբ, իսկական պատերազմի սկիզբ է»: Լաւրով Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերցին ակնարկելով ըսաւ. «Մերցի Գերմանիան Եւրոպայի մէջ անգամ մը եւս առաջնակարգ զինուորական ուժը դարձնելու վերաբերեալ այս բոլոր խօսքերը գետնի վրայ կը կիրարկուին: Ատիկա, գործնականին մէջ, մեր դէմ պատերազմի...

Ֆոլքլանտի Մէջ Բրիտանական-Իսրայէլեան  Քարիւղի Ծրագիր Մը Արժանթինի Հետ  Լարուածութիւն Կը Յառաջացնէ

Ֆոլքլանտի Մէջ Բրիտանական-Իսրայէլեան Քարիւղի Ծրագիր Մը Արժանթինի Հետ Լարուածութիւն Կը Յառաջացնէ

Արժանթինեան խումբեր յայտարարեցին, թէ դատական հայց ներկայացուցած են կանգնեցնելու համար վիճելի Ֆոլքլանտի ծովեզերքէն շուրջ 220 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ բրիտանական-իսրայէլեան քարիւղի ծրագիր մը: Հայցուորները կ՛ըսեն, թէ ծրագիրը կը խախտէ ՄԱԿ-ի որոշումը, թէ շրջանային հակամարտութեան գոյութեան պարագային անհրաժեշտ է միակողմանի քայլերէ ետ կանգնիլ: Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլի յայտնեց, որ հինգշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին «արժանթինցիներու համար սրբազան դատի` Լաս Մալվինաս կղզիներու...

Պեսենթ. «Եւրոպական Միութիւնը  Պաշտօնապէս Միացաւ Իրանի Դէմ  «Տնտեսական Մերժուած» Գործողութեան»

Պեսենթ. «Եւրոպական Միութիւնը Պաշտօնապէս Միացաւ Իրանի Դէմ «Տնտեսական Մերժուած» Գործողութեան»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս միացած է «Տնտեսական մերժուած» գործողութեան: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը գնահատէ Եւրոպական Միութիւնը անոր «ուժեղ եւ արագ» դիրքորոշման համար: Պեսենթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական կերպով կը կանգնին իրենց դաշնակիցներուն կողքին` երաշխաւորելու համար, որ իրանեան վարչակարգը համաշխարհային դրամական համակարգը չօգտագործէ իր հիւլէական ախորժակներն ու զէնքերու ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար:...

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը.  Ամերիկացի Բանագնացներ Ուիթքոֆն Ու  Քուշները Այս Կիրակի Կրնան Քիեւ Այցելել

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը. Ամերիկացի Բանագնացներ Ուիթքոֆն Ու Քուշները Այս Կիրակի Կրնան Քիեւ Այցելել

Ամերիկացի բանագնացներ Սթիւըն Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կրնան այս կիրակի` 6 սեպտեմբերին Քիեւ այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի երեսփոխան Ալեքսէյ Կոնչարենքօ: «Ուիթքոֆն ու Քուշները, ամենայն հաւանականութեամբ, Քիեւ պիտի այցելեն կիրակի օր», գրած է ան: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ ամերիկացի երկու պատուիրակները մտադիր են մօտիկ ապագային Քիեւ եւ Մոսկուա այցելել: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի...

Փեսքով. «Հակառակ Փութինի Յայտարարութեան,  Թէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղ Կարգաւորման Առիթներ Կան,  Տակաւին Նման Ելքի Որոշակի  Նախադրեալներ Չեն Ձեւաւորուած»

Փեսքով. «Հակառակ Փութինի Յայտարարութեան, Թէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղ Կարգաւորման Առիթներ Կան, Տակաւին Նման Ելքի Որոշակի Նախադրեալներ Չեն Ձեւաւորուած»

Հակառակ Փութինի յայտարարութեան, թէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման առիթներ կան, տակաւին նման ելքի որոշակի նախադրեալներ չեն ձեւաւորուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ո՛չ, ատոր մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջին շրջանին յայտնուա՞ծ են խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւններ Արեւելեան տնտեսական համախմբումի նախագահի յայտարարութիւններէն...

Նարիշքին. «Ամբողջ Եւրասիոյ Տարածքին  Լայնածաւալ Հակամարտութեան Ծագման Վտանգը  Ամբողջովին Իրական Է»

Նարիշքին. «Ամբողջ Եւրասիոյ Տարածքին Լայնածաւալ Հակամարտութեան Ծագման Վտանգը Ամբողջովին Իրական Է»

Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան վտանգը ամբողջովին իրական է, ատիկա լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան 22-րդ նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան ծագման վտանգը ամբողջովին իրական է, եւ ատիկա լրջագոյն մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: Մեր...

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Է Կարենայ  Պահպանել Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը`  Անկախ Որեւէ Տարակարծութենէ»

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Է Կարենայ Պահպանել Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը` Անկախ Որեւէ Տարակարծութենէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի Մոսկուա այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետախուզական գործակալութիւններուն միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներ հաստատելու ջանքերու շարունակութիւնն էր: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու պէտք է կարողանան պահպանել երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ` անկախ որեւէ տարակարծութիւններէ: Ռուպիօ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ուքրանիան բանակցութիւններ կը վարեն Քիեւի հետ «Փաթրիոթ» արտադրութեան արտօնագիրի շուրջ, սակայն...

Թրամփ. «Իրանի Դէմ  Նոր Արշաւը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Նոր Արշաւը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի դէմ նոր արշաւը երկար պիտի չտեւէ, սակայն աւելցուց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է այլ յարձակում շղթայազերծելու: Ըստ անոր, Իրան կը փորձէր ականներ նետող հրթիռներ արտադրել, եւ իրենք այդ փորձը ձախողեցուցած են: «Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմի վերսկսումէն պէտք չէ մտահոգուի: Ես եմ նախագահը եւ ես Իսրայէլին հոգ պիտի տանիմ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: Միացեալ...

Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Նեթանիահու. «Ի Վերջոյ Բախում Պիտի Ունենանք Իրանեան Ութոտնի Գլխուն Հետ Եւ Պիտի Կտրենք Անոր Թեւերը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց, որ Իսրայէլ կարող է «որեւէ պահու» Իրանը հարուածել` սպառնալով իրանեան վարչակարգը տապալել: Նեթանիահու իսրայէլեան «Այ24 Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ իսրայէլացի օդաչուները «այդտեղ էին, եւ կրնան որեւէ պահու վերադառնալ»: «Ի վերջոյ բախում պիտի ունենանք իրանեան ութոտնուկի գլխուն հետ եւ պիտի կտրենք անոր թեւերը», նշեց ան:  

Իսրայէլեան Աղբիւր Մը «Արապիա»-ին.  «Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները Դրական Էին»

Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին Սուրիոյ Հետ Բանակցութեան Ձախողութիւնը Կը Հաստատէ

Իսրայէլացի բարձրաստիճան դիւանագիտական պաշտօնատար մը Սուրիոյ կառավարութեան հետ ապահովական համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններուն ձախողութիւնը հաստատեց: Ան իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Փորձեցինք ապահովական համաձայնութեան հասնիլ, եւ վերջաւորութեան չյաջողեցանք»: Պաշտօնատարը բանակցութիւններու ձախողութեան պատճառը այլ ազդակներու կողքին վերագրեց Սուրիոյ վրայ պատժամիջոցներու մեղմացման, որ անոր համաձայն, Դամասկոսին համաձայնութիւն գոյացնելու խթանները նուազեցուցած է: Ան նշեց, որ արգելակիչ գօտին տարակարծութեան գլխաւոր նիւթն էր, որովհետեւ Իսրայէլ...

Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Փութինի Հետ Հանդիպելու, Երբ Կողմերը Պատրաստ Ըլլան Ուքրանիոյ Հարցով Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու, երբ Մոսկուան ու Քիեւը պատրաստ ըլլան Ուքրանիոյ հարցով խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Թրամփ նշած է, որ առեւտուրի համար հիանալի պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելը: Նշենք, որ աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած էին, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է...

Հակառակ Թրամփի Զգուշացումներուն.  Իրան Կը Հակադարձէ Ամերիկեան Յարձակումին

Հակառակ Թրամփի Զգուշացումներուն. Իրան Կը Հակադարձէ Ամերիկեան Յարձակումին

Իրան յայտարարեց, թէ իր հողերուն մէջ բազմաթիւ դիրքերու վրայ ամերիկեան յարձակումին հակադարձելով հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած էր, թէ իրանեան որեւէ հակադարձութիւն «աւելի ուժեղ եւ աւելի բարձր մակարդակով» յարձակումի պիտի արժանանայ: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, թէ հարուածներ շղթայազերծած է, հակադարձելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ Հորմուզի...

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Թուրքիա-Ռուսիա Յարաբերութիւնները  Այսօր Շատ Աւելի Բարձր Մակարդակի Վրայ Են,  Քան Որեւէ Այլ Ժամանակաշրջանին»

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրքիա-Ռուսիա Յարաբերութիւնները Այսօր Շատ Աւելի Բարձր Մակարդակի Վրայ Են, Քան Որեւէ Այլ Ժամանակաշրջանին»

Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Էրտողան հանդիպումի ընթացքին նշած է, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այս բանակցութիւններուն, եւ որ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները այսօր շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ են, քան անցեալի որեւէ այլ ժամանակաշրջանին: Փութին իր կարգին յայտնած է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ արտօնեալ գործընկերներէն մէկն է արտաքին քաղաքականութեան...

Page 10 of 881 1 … 9 10 11 … 881

Արխիւներ