Կիրակի օր տեղի ունեցած հանրաքուէի վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, իսլանտացիները կը մերժեն Եւրոպական Միութեան միանալու բանակցութիւնները շարունակել: Հանրաքուէի արդիւնքները յուսախաբ կ՛ընեն Եւրոպական Միութիւնը, որ կ՛ուզէր, որ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայ գտնուող եւ հարուստ կղզին մաս կազմէ միութեան:
Հանրաքուէի արդիւնքներուն համաձայն, իսլանտացիներուն 52,8 առ հարիւրը Եւրոպական Միութեան միանալու բանակցութիւններու շարունակման դէմ քուէարկած են, իսկ 47,2 առ հարիւրը թեր:
Հանրաքուէի արդիւնքներուն պատճառով կղզիի Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ քննարկումները առնուազն մինչեւ 2028 թուական պիտի սառեցուին, ինչ որ ծանր հարուած է Եւրոպական Միութեան, որ պատրաստ էր Իսլանտայի իրեն միանալուն դիմաց զիջումներ կատարելու:
400 հազար բնակչութիւն ունեցող կղզին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած էր 2009 թուականին` իր տնտեսութիւնը փլուզած տնտեսական տագնապէ մը ետք, սակայն բանակցութիւնները 2013-ին սառեցուեցան, երբ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ կասկածներ ունեցող կառավարութիւն մը հասաւ իշխանութեան:
Իսլանտան ներկայիս Եւրոպական Միութեան հետ սերտ կապեր ունի, որովհետեւ մաս կը կազմէ եւրոպական տնտեսական շրջանին ու Շենկեն տարածքին: Հանրաքուէի արդիւնքը այդ իրողութեան վրայ պիտի չազդէ:


