Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղը «Պիել»-ի Մէջ Սգակիրները Ընդունելու Որոշումով. Օմար Քարամէի Մահուան Առիթով Ցաւակցութիւնները Շարունակուեցան

January 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1420376839_Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք եւ անոր վաղորդայնին ցաւակցութիւնները շարունակուեցան Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» ցուցասրահին մէջ: Նախկին եւ գործող վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ Քարամէի ընտանիքին կողքին ընդունեցին ցաւակցող սգակիրները:

Արդարեւ, պետական, պաշտօնական, հոգեւոր, զինուորական, կուսակցական, միութենական անձնաւորութիւններ եւ ժողովրդային պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներ եւ դիւանագէտներ շարունակեցին իրենց ցաւակցութիւնները յայտնել: Այս իմաստով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռաձայնային կապակցութեամբ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալի զաւկին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաուատ Զարիֆ հեռագիր մը յղեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի` իր ցաւակցութիւնները յայտնելով:

Նմանապէս, Ֆայսալ Քարամէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Մեքքէի Էմիրէն, որ իր եւ իր երկրին ժողովուրդին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց:

Նման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ քաթարցի նախարար Ապտալլա Աթիէն, որ նոյնպէս իր եւ Քաթարի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց:

Ցաւակցութեան ընթացքին երկու միջադէպեր պատահեցան, երբ նախկին նախարար Ատէլ Քասսար շունչի նեղութեան պատճառով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ` ընկերակցութեամբ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Իսկ այս առիթով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն ծիրին մէջ, կարճ ատենով երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինիի թիկնապահները արգելափակուեցան բանակին կողմէ եւ կարճ ատեն ետք ազատ արձակուեցան:

Քարամէի ընտանիքը ցաւակցութիւնները կը շարունակէ ընդունիլ վաղը` երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Պէյրութի «Պիել» ցուցասրահին մէջ:

 

Նախորդը

Յունաստանի Մէջ Ձերբակալուած Է «Նոյեմբեր 17»-ի Ղեկավարներէն Մէկը

Յաջորդը

Տարեսկիզբին Դրական Իրագործման Մը Յոյսով. «Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Որոշ Յառաջդիմութիւն Կ՛արձանագրէ» Յայտարարեց Նախարար Նուհատ Մաշնուք

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.