Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռօրեայ Սուգի Մթնոլորտի Մէջ. Նախկին Վարչապետ Օմար Քարամէ Հրաժեշտ Տուաւ Լիբանանին

Յունուար 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

010215_Fun-KaramiԼիբանանի  արդի պատմութեան գլխաւոր դերակատարներէն` ութսունամեայ քաղաքական գործիչ, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի մարմինը, երէկ յանձնուեցաւ հողին, թաղման պաշտօնական արարողութեամբ` ներկայութեամբ պետական, կուսակցական, ժողովրդային խուռներամ բազմութեան: Ազգային պաշտօնական այս թաղումին ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին նախագահներու ներկայացուցիչներ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախկին վարչապետ զօր. Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ` արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, տիւրզի համայնքէն յատուկ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Թէյմուր Ժոմպլաթի:

Հանգուցեալին մարմինը երէկ` ուրբաթ առաւօտ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Թրիփոլի, ուր Մանսուրի մեծ մզկիթին մէջ կատարուեցաւ անոր թաղման արարողութիւնը: Պէյրութ-Թրիփոլի մայրուղիին վրայ Քարամէի յուղարկաւորութեան թափօրը յաճախակիօրէն կանգ առաւ զայն դիմաւորողներուն առջեւ: Այս առիթով վարչապետ Սալամ եռօրեայ սուգ յայտարարեց Լիբանանի մէջ` ուրբաթ առաւօտէն մինչեւ կիրակի գիշեր:

Այս առիթով հանգուցեալին զաւակները յուղարկաւորութեան ներկայ պաշտօնական հիւրերը ճաշի պահեցին:

Այս գծով եղան ցաւակցական բազմաթիւ յայտարարութիւններ:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը վեր առաւ Քարամէի զոհողութիւնները Լիբանանի համար` ընդգծելով. «Քարամէ ազգային ղեկավար էր եւ պետական անձնաւորութիւն»:

Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ըսաւ. «Քարամէի մահը ազգային մեծ կորուստ է»:

Տիւրզի համայնքապետ շէյխ Նայիմ Հասան. «Քարամէ հայրենիքին համար զոհեց իր կեանքի երկար ժամանակը եւ աշխատեցաւ ի սպաս ազգային շահերուն»:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս. «Լիբանան մեծ կորուստ ունեցաւ Քարամէի մահով»:

Նմանապէս այլ պետական, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներ իրենց ցաւակցական արտայայտութիւնները փոխանցեցին:

Նախորդը

Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Կ՛ընթանայ Դրական Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նոյեմբեր 21, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Նոյեմբեր 21, 2025
Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?