Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով «Զէյնա»-ի «Պոռթկում»-ին`. Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութեան Եւ Առնչակից Մարմիններու Կազմերը Զօրաշարժի Մատնուեցան

Յունուար 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

150103112518371Երկար ատենէ Լիբանանը «հանգիստ ձգած» փոթորիկը կը վերադառնայ` զօրաշարժի մատնելով փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան եւ առնչակից մարմիններու կազմերը: «Զէյնա», «Հուտա» կամ «փոթորիկներու մայրը» կոչուող այս կլիմայական անկոչ հիւրը արդէն իսկ երէկ իր շուքը տարածեց Լիբանանի բարձունքներուն վրայ, ուր բազմաթիւ ճամբաներ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի ուղղութեամբ որոշ ատենով փակուեցան եւ վերաբացուեցան պատկան կողմերու ծառայութեանց միջամտութեան շնորհիւ:

«Զէյնա»-ի պոռթկումը իր գագաթնակէտին կը հասնի այսօր` երեքշաբթի երեկոյեան, երբ կը նախատեսուի, որ ձիւնել սկսի 800 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: Այս գծով ներքին ապահովութեան ուժերը զգուշացուցին քաղաքացիները` անհրաժեշտութեան պարագային միայն ուղղուելու բարձունքներու ճամբաները, այդ ալ` օժտուած ինքնաշարժներու անիւներու մետաղեայ յատուկ շղթաներով: Նոյն աղբիւրները թելադրեցին անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնել 112 թիւին:

Իր կարգին, փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ իր նախարարութեան բոլոր բաժանմունքները կազմ ու պատրաստ են (իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ) դիմակալելու «Զէյնա»-ն: Նոյն աղբիւրները թելադրեցին ի պահանջել հարկին հեռաձայնել 1720 թէժ գիծին:

Նմանապէս, քաղաքապետութեանց եւ քաղաքային պաշտպանութեան պատկան կազմերը զօրաշարժի մատնուեցան` օգնութեան փութալու «Զէյնա»-ի «հարուած»-ներուն զոհ գացող քաղաքացիներուն, հաստատութիւններուն եւ հոն, ուր որ պէտք է:

Իր կարգին, Պէյրութի նահանգապետ, Զիատ Ըշպիպ երէկ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ պատկան մարմիններուն` կազմ ու պատրաստ վիճակով դիմակալելու «Զէյնան», որուն «բաշխած ու բաշխելիք» սպիտակ ձիւնը կարելի է շօշափել 600 մեթր բարձրութենէն սկսեալ:

Օդերեւոյթի աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Զէյնա»-ի Լիբանան այցելութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ շաբաթավերջ, երբ ցուրտը առաւել եւս պիտի սաստկանայ, յատկապէս գիշերային ժամերուն:

Կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ կրթութեան նախարարութիւնը «արձակուրդ» յայտարարէ ձիւնամրրիկին պատճառով:

 

 

Նախորդը

Յարձակում` Իրաքի Հետ Սէուտական Սահմանին Վրայ

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Վերածուեցաւ  Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վերածուեցաւ Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Մարտ 29, 2023
Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին  Վերաբերող Հրատապ Հարցեր
Լիբանանեան

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Մարտ 29, 2023
Սայֆիի Մէջ.   «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն  Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք»  Շեշտեց Պուխարի
Լիբանանեան

Սայֆիի Մէջ. «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք» Շեշտեց Պուխարի

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In