Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքով հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիան չափաւորականութեան եւ երկխօսութեան պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան եւ արաբական աշխարհին նկատմամբ եւրոպական երկիրներուն սրած ախորժակներուն դէմ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ դատական իշխանութիւններուն փոխանցեց չորս թղթածրարներ, որոնք կը վերաբերին լիբանանեան պետական կալուածներուն դէմ ոտնձգութիւններ գործելու յանցանքին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ պատուիրակ, դեսպան Փիեթ տը Քլերքը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հեսթեր Սոմսոնի: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող քաղաքական շարք մը իրադարձութիւններ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ կատարեալ գաղտնապահութեան մթնոլորտի մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ երկխօսութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալու միակ միջոցն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը արդիւնքի կրնայ չհասնիլ, եթէ տարակարծութիւն պատճառող թղթածրարները չլուծուին:

ԱԶԱՏ նասըրականներու շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ կատարուած երկխօսութիւնը պէտք է կեդրոնանայ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան վրայ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող Իսլամական միասնականութեան յատուկ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ արաբական աշխարհը թիրախ դարձնող ահաբեկչութենէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի մաղթեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը դրական արդիւնքներ ունենայ:

 

Նախորդը

Վերջին Տասնամեակներու Հզօրագոյն Ցնցումը Արձանագրելով`. Ահաբեկչական Գործողութիւն` Ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» Թերթին Դէմ

Յաջորդը

Ալի. «Սուրիա Նախանձախնդիր Է Լիբանանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Նկատմամբ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.