Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ներքաղաքական Իրավիճակը` Դրական Հանգրուանի Սեմին

Յունուար 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_Kanaan_RiachiՏօնական օրերու կարճատեւ «դադար»-է մը ետք, քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը վերսկսին դրական ենթահող պատրաստելու միջլիբանանեան երկխօսութեան համար: Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 5 յունուարի երեկոյեան, Այն Թինէի մէջ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի` Նեպիհ Պըրրիի փոխարէն:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք – Լիբանանեան ուժեր նախատեսուող հանդիպումին գծով նախապատրաստական քայլերը կը շարունակուին լուսարձակէ հեռու կողմերու ներկայացուցիչներուն` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ Սամիր Ժահժահի խորհրդական Մլհեմ Ռիաշիի միջեւ: Անոնց նորագոյն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի երեկոյեան, Ռապիէի մէջ, ներկայութեամբ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Այս հանդիպումներու ժամկէտներուն ճշդումը կու գայ որոշ դրական մթնոլորտ ստեղծելու միջլիբանանեան երկխօսութեան առումով, ինչ որ իր կարգին դրական անդրադարձ կ՛ունենայ նախագահի ընտրութեան հարցին վրայ:

Այս ծիրին մէջ, Խաղաղութեան միջազգային օրուան առիթով փոխանցած իր քարոզին մէջ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ «նշեալ հանդիպումները յանգին նախագահի ընտրութեան հարցի բարւոք լուծման, վերակենդանացնեն երկրին սահմանադրութեան լիազօրութիւնները: Այս կիրակի կը զուգադիպի «ընտանիքի օր»-ուան տօնին ու մենք այս առիթով կ՛աղօթենք լիբանանեան ընտանիքին համար»:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ` ընդգծելով, որ Լիբանան կը թեւակոխէ դրական նոր հանգրուան մը, որուն գլխաւոր խորագիրներուն առանցքը կը կազմեն երկխօսութիւնն ու հասկացողութիւնը:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ երեկոյ պատկերասփռուած հարցազրոյցով մը անդրադարձաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ իր հանդիպումին ընթացքին արծարծուելիք թղթածրարներուն, Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան գծով իր կեցուածքին, նախագահի ընտրութեան հարցին Սուրիոյ տագնապի հետեւանքներուն, առեւանգուած զինուորականներու հարցին եւ կառավարութեան իրավիճակին:

Նախորդը

Տարեսկիզբին Դրական Իրագործման Մը Յոյսով. «Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Որոշ Յառաջդիմութիւն Կ՛արձանագրէ» Յայտարարեց Նախարար Նուհատ Մաշնուք

Յաջորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի Մրցումները Սկսան

RelatedPosts

Լիբանան Այցելելով`  Շիպանի.  «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ  Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Խորհրդարանական Նիստ Պիտի Չգումարուի, Կարծիքս Պիտի Չփոխեմ Եւ Անոր Վրայ Հաստատ Պիտի Մնամ»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»
Լիբանանեան

Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?