Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան զինեալ բախումները վերսկսան Ֆաթհի եւ ծայրայեղ իսլամականներուն միջեւ:
Բախումները պատճառեցին երկու զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ, սակայն հակառակ տիրող լարուած մթնոլորտին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն կարելի եղաւ գաղթակայանին մէջ զգուշաւոր խաղաղութիւն հաստատել:
Զինեալ բախումներուն վերսկսման պատճառը ծայրայեղ իսլամականներուն կողմէ Ֆաթհի անդամները թիրախ դարձնելու արարքն էր:
Այս առումով պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ պաղեստինեան ապահովական ուժերը Պուսթան Քուտսի եւ Շարեհ Ֆաուքանիի մէջ որդեգրած են ապահովական միջոցառումներ` պահպանելու համար գաղթակայանին մէջ տիրող կացութիւնը: