Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Եւ Հըզպալլաայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Օգոստոս 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռամզի Ժրէյժ
Ռամզի Ժրէյժ

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի եւ Հըզպալլայի նախարարները:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ եւ անոր փոխանցեց, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները որոշած են կառավարութեան նիստին չմասնակցիլ, իր կարգին ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան վարչապետ Սալամին փոխանցեց, թէ Հըզպալլայի նախարարները իրենց կարգին պիտի չմասնակցին կառավարութեան նիստին` զօրակցելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կեցուածքին:

Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ հաստատած է նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ յանգիլ այնպիսի լուծումի մը, որուն լոյսին տակ կառավարութիւնը իր լրիւ կազմով շարունակէ գումարել նիստերը:

«Վարչապետ Սալամ անդրադարձաւ աղբերու թղթածրարին` շեշտելով, որ անիկա վերածուած է ազգային տագնապի մը եւ աւելցնելով, որ աղբերու տագնապին լուծման այլընտրանքներու մասին քննարկումներ կը կատարուին եւ այդ այլընտրանքներէն է քաղաքապետարաններուն ու քաղաքապետարաններու համադաշնակցութիւններուն առիթ տալ աղբերու հարցին լուծման մաս կազմելու: Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ աղբերու թղթածրարը վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան միջոցով լուծելու կարելիութիւնները մեծ են: Ան աւելցուց, որ իր կարծիքով, այդ լուծումը կը համընկնի նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան պահանջներուն, հակառակ այն իրականութեան, որ փորձառութիւնը շատ քաջալերական չէ այդ իմաստով», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ վարչապետը կոչ ուղղած է կառավարութեան որդեգրելու որոշումներ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են լիբանանցիներուն կեանքին եւ պետական հաստատութիւններուն աշխուժացման:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց շարունակել քննարկել աղբերու հարցին լուծման տարբերակները եւ պարտականութիւն տուաւ ներքին գործոց նախարարին քաղաքապետարաններուն փոխանցելու, թէ կառավարութիւնը պատրաստ է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ շարունակելու աղբանոցներ ստեղծելու կարելիութիւններուն ուսումնասիրումը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն կատարելիք իր նիւթական պարտաւորութիւնները ամբողջացնելու:

Ժրէյժ աւելցուց, որ կառավարութիւնը հաստատեց նաեւ ժողովուրդին կողմէ ցոյցեր կատարելու եւ  կարծիքը արտայայտելու ազատութիւնը` դատապարտելով հանդերձ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ սադրիչներու կողմէ արձանագրուած խուլիկանութիւնները եւ ընդգծելով ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժրէյժ աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը շեշտած է, թէ հաշուետուութեան պիտի կանչէ քաղաքացիներուն դէմ բիրտ ուժ գործադրած ապահովութեան ուժերու անդամները` առանց ուրանալու երկրին ապահովութիւնը պաշտպանելու անոնց առաքելութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ նիստէն ետք վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ վարչապետէն խնդրեց կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրել` խորհրդակցութիւններու ընդմէջէն տարակարծութիւններու լուծման առիթ ընծայելու նպատակով:

Վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետը պիտի ընդառաջէ Պըրրիի առաջարկին, որպէսզի կառավարութիւնը իր ամբողջ կազմով գումարէ յաջորդ նիստը:

Նախորդը

Զօր. Աուն – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Յաջորդը

Արամ Արք. Աթեշեան Խօսած Է Վանի Պատարագը Չեղեալ Յայտարարելու Դրդապատճառներուն Մասին

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?