Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Երկրին Ապահովութիւնը Կայուն Է, Սակայն Նախընտրելի Է Գոյացնել Քաղաքական Համաձայնութիւն»

October 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

KAHWAJI_KAAKI_102515

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին Եարզէի մէջ ընդունեց խմբագիրներու եւ լրագրողներու սենտիքաները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ փոխանցման շրջան մը, որուն ընթացքին ան մէկ դարէն միւսը կ՛անցնի:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ Լիբանան կրնայ այս հանգրուանը նուազագոյն վնասներով աւարտել, եթէ ան միասնական դառնայ, «սակայն եթէ Լիբանանը շարունակէ իր ներքին տարակարծութիւններուն կառչիլ, ապա անոր կացութիւնը պիտի դառնայ մտահոգիչ, որովհետեւ որեւէ ատեն ենթակայ պիտի ըլլայ փոթորիկներու», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ երկրին ապահովութիւնը կայուն է` աւելցնելով սակայն, որ նախընտրելի է քաղաքական համաձայնութիւն գոյացնել եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնել:

Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ բանակը զերծ կը կացուցուի քաղաքական եւ տեղեկատուական բանավէճերէ, որպէսզի ան ամրապնդուած մնայ եւ գործէ համաձայն իր նշանաբանին:

«Մենք ճիգ չենք խնայեր երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով, սակայն տակաւին ենթակայ ենք վտանգներու, յատկապէս եթէ Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք դէպի Լիբանան գաղթականներուն հոսքը աճ արձանագրէ եւ «Դէպի ծով հասնել»-ու ծրագիրը իրականանայ: Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը պարտադրեն, որ մենք քաղաքական մեր միասնականութիւնը ամրապնդենք եւ երկրին ապահովական կայունութեամբ փորձենք նուազագոյն վտանգներով դուրս գալ», շեշտեց զօր. Քահուաժի:

Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ առեւանգող կողմը համաձայնութիւններուն յանձնառու չի մնար եւ, հակառակ շրջանային երկիրներուն միջամտութեան, ան անշեղ կը մնայ պատանդներէն հրաժարելէ:

Բանակին կատարուող զինուորական օժանդակութիւններուն մասին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին  Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն կը ստանայ որակական զէնքեր, որոնց միջոցով կը պահպանէ իր սահմանները: Ան աւելցուց, թէ հաւանական է նաեւ, որ յառաջիկային Լիբանան Ուաշինկթընէն ստանայ նաեւ օդանաւեր` Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութեան շրջագիծին մէջ:

«Իսկ Ռիատի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութեան գծով Ֆրանսայի հետ համաձայնութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ Փարիզ կ՛արտադրէ այն զէնքերը, որոնց Լիբանան կարիք ունի», հաստատեց զօր. Քահուաժի:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հիւսիսային Սուրիոյ Տիրել Փորձելու Յանցանքով

Յաջորդը

Խալիլ. «Կոչ Պիտի Ուղղենք Գումարելու Օրէնսդրական Նիստ Մը, Որուն Ընթացքին Կը Վաւերացուին Հիմնական Օրէնքները»

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.