Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Բողոքի Ցոյցեր Կը Կատարէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Եւ «Սուքլին»-ի Դիմաց

October 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

EDL_protest_10-22-15

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ կէսօրին Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց կատարեց բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները փորձեցին մուտք գործել ընկերութիւն եւ պաշտօնեաներուն թռուցիկներ ցրուել, սակայն ապահովութեան ուժերը արգիլեցին զիրենք այդ քայլը իրագործելէ:

Ապա նոյն արշաւին անդամները կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին ուղղուեցան դէպի «Սուքլին» ընկերութիւն, ուր բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով աղբի տագնապին լուծումը:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները փակեցին «Սուքլին» ընկերութեան մուտքը եւ ընկերութիւնը փտածութեան յանցանքով ամբաստանեցին:

Կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 2:30-ին, արշաւին անդամները կարդացին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը Լիբանանի ամէնէն փտած հաստատութիւններէն եւ ընկերութիւններէն մէկն է:

Անոնք նշեցին, որ երկրին աղբի տագնապը կը մնայ անլոյծ, իսկ այդ տագնապը լուծելու կառավարութեան տեսութիւնը կը մնայ անգործադրելի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը իննսունական թուականներէն ի վեր միլիոնաւոր տոլարներ, այլ խօսքով` երեւակայական գումարներ ստացած է, իսկ պետութիւնը տակաւին կը զլանայ քաղաքապետարաններուն տրամադրել անոնց արդար նիւթական իրաւունքները, որպէսզի կատարեն իրենց պարտականութիւնները:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները մերժեցին «Սուքլին»-ի աշխատելաձեւը եւ պահանջեցին քաղաքացիին դրան մօտ գտնուող աղբերը անմիջապէս հաւաքել:

Իր կարգին, քաղաքացիական շարժումի գործիչ Նեհմաթ Պատրէտտին մերժեց ելեկտրականութեան մարզին պարագային քաղաքացիին պարտադրուած երկու ստացագիր վճարելու դրութիւնը` ակնարկելով պետութեան տրամադրած հոսանքին եւ անձնական շարժակներէ ելեկտրականութիւն ստանալու նպատակով բաժանորդագրութեան:

Ան շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն «Սուքլին»-ի աշխատանքային պայմանագրութեան վերանորոգումը:

Նշենք նաեւ, որ «Փոփոխութեան սեմին» արշաւին նախաձեռնութեամբ երէկ առաւօտեան  քաղաքացիական շարժումի անդամներ հաւաքուեցան Զինուորական ատեանին դիմաց, զօրակցելու հարցաքննութեան ենթարկուող տղոց:

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազը հարցաքննեց քաղաքացիական շարժումի վեց անդամներ:

Նախորդը

Ուզահիի Մէջ. Սաֆուան Ընտանիքի 7 Անդամներուն Մարմինները Յանձնուեցան Հողին

Յաջորդը

«Եթէ Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Աղբի Տագնապին Արմատական Լուծում Չգտնուի, Ապա Յարմար Կեցուածքը Պիտի Ճշդեմ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները  Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի  Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

March 11, 2026
Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.