ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 հոկտեմբեր 2015-ին, Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք Հըզպալլա-Մուսթաքպալ հոսանք երկխօսութեան նիստին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի մասնակցութիւնը պիտի որոշուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլը տեղեակ պահած է, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան նիստերը շարունակել:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անել` յոյս յայտնելով, որ քաղաքական ուժերը շուտով լուծումներ գտնեն երկրին հարցերուն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն աղբիւրը նախագահական աթոռին թափուր մնալն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ ոչ ոք պէտք է մտածէ, թէ Սուրիոյ զարգացումները կրնան լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման ծառայել:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, հաստատեց, որ վարչապետը պիտի չվարանի կառավարութեան հրաժարականը յայտարարելու առումով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պետական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ աղբի տագնապը համայնքային դրութեան հետ առնչելը աններելի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը պիտի հաստատուի ահաբեկչութեան տապալումէն ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ շեշտեց, որ Գահիրէ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն իրենց երկրին կացութիւնը հանդարտ պահելու եւ քաղաքական առումով լարուածութիւնը մեղմացնելու: Զայետ ընդգծեց, որ Եգիպտոս կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնած երկխօսութիւնը շարունակելու` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է Լիբանանի համար:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք կը նախատեսեն, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն գտնուին օրէնսդրական նիստին ներկայ գտնուելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ համախմբումը պիտի մասնակցի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` «անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն» տարազին վրայ հիմնուելով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք առանց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին դիմելու մագլցողական քայլեր պիտի չորդեգրէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում մը ունենայ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ` քննարկելու համար ելեւմտական եւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումն ու «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութիւնը կարեւոր են: Ան շեշտեց նաեւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:


