Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ . «Նախագահական Ընտրութիւնը Զուտ Լիբանանեան Պարտականութիւն Է» Կը Հաստատէ Լարշէ

October 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

larche_beirut_10-23-15

Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէ նախանցեալ օր այցելեց Լիբանան, ուր յայտնեց, թէ Լիբանան իր կատարած այցելութիւնը կը միտի Ֆրանսայի զօրակցութիւնը յայտնել այս երկրին, որ կը դիմագրաւէ քաղաքական տագնապալի հանգրուան մը:

Լարշէ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի, ներկայ գտնուեցաւ Տրաքարի մէջ ֆրանսացի անկարգելաւորներուն կեդրոնին դէմ 23 հոկտեմբեր 1983-ին գործուած յարձակումին ընթացքին սպաննուած 58 զինուորներուն 32-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ ֆրանսական դեսպանատան շրջափակին մէջ:

Ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Լարշէ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ընդմէջէն 850 ֆրանսացի զինուորներ կը ծառայեն Լիբանանին` միաժամանակ բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը:

Ձեռնարկէն ետք Լարշէ մէկ ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Միւս կողմէ, Լարշէ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի եւ պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Լարշէ ընդունեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալեն Աունը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները:

Լարշէ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:

Լարշէ շեշտեց, որ այս հանգրուանին իրենք քաղաքական զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն Լիբանանին:

 

 

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Հանդիպեցան Քաթարի Դեսպանին

Յաջորդը

«Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Պիտի Մնայ Կայուն, Այնքան Ատեն Որ Մենք Կը Գործենք» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.