Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Դատապարտեն Ֆրանսան Հարուածած Ահաբեկչական Գործողութիւնները

November 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Փարիզի պայթումները` շեշտելով, որ անոնք անարգ ոճիրներ են, որոնք թիրախ կը դարձնեն մարդկային գերագոյն արժէքները:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններէն մինչեւ Փարիզ քաղաքները տարբեր են, սակայն զանոնք հարուածող ահաբեկչութիւնը մէկ է:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց Ֆրանսան հարուածած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը մէկ է եւ կ՛ենթադրէ միացեալ ուժով դիմադրել անոր:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի եւ կոչ ուղղեց բոլոր ջանքերը մէկտեղելով պայքարելու ահաբեկչութեան ախտին դէմ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց զօրակցելու Ֆրանսային, որպէսզի ան կարենայ վերջ տալ ահաբեկչութեան եւ լուծել անոր դրդապատճառ հանդիսացող հարցերը:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս դատապարտեց Ֆրանսան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որոշ վայրերու մէջ պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի սպառնայ նաեւ անոնց, որոնք զօրակցեցան իրեն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտին` շեշտելով, որ Փարիզը ականահարող կողմերը ոճրագործներ են:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ցաւակցագիր մը յղեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Պեռնար Քազէօնովի, շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պատասխանները պէտք է ըլլան խիստ եւ հաւաքական:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Փարիզի ահաբեկչական դէպքերը` զանոնք որակելով Ֆրանսայի 11 սեպտեմբերը: «13 նոյեմբերին յաջորդող հանգրուանը պիտի ըլլայ քաոսային», ըսաւ ան:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին պարտականութիւնն է որդեգրել ահաբեկչութիւնը զսպող միջոցառումներ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց Ֆրանսան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնները` կոչ ուղղելով կազմելու ուժ մը, որ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը չափ ու սահման չունի այլեւս:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փարիզի մէջ գործուած սպանդը կը փաստէ, որ ահաբեկչութիւնը վերածուած է աշխարհամարտի:

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց ֆրանսացիներուն նկատմամբ կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելու` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղելիք պայքարին առումով:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան

Յաջորդը

Մաշնուք. «Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչական Գործողութիւնը Անկարելի Է Որ Վերջինը Ըլլայ»

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.