Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Համաձայն` Մոհամետ Հուժէյրի Մասնակցած Է Արսալի Զոյգ Պայթումներուն

November 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_lebanese-army-logo

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ արգելափակեալ ահաբեկիչ Մոհամետ Իպրահիմ Հուժէյրիի (ծանօթ` Քահրուպ անունով) հարցաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, թէ ան Իպրահիմ Աթրաշի ցանցին անդամ է եւ մասնակցած է ինքնաշարժներ ականելու արարքներուն, ինչպէս նաեւ անդամակցած է Քալամունի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ան մաս կազմած է Անաս Խալետի ղեկավարած «Ժունտ Հաք» խմբաւորումին, ապա Ամին Ղորլիի ղեկավարած «Սէյֆ Հաք» խմբաւորումին:

Հուժէյրի եւ Ղորլի աւելի ուշ կազմած են նոր խմբաւորում մը, որուն մաս կազմած են լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ, որոնք Հերմելը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած էին:

Նոյն խմբաւորումը Խէյլ հովիտէն զէնքեր փոխադրած էին դէպի Արսալի հիւանդանոցներէն մէկը, որպէսզի կարելի ըլլար Արսալի մէջ մասնակցիլ լիբանանեան բանակին հետ զինեալ բախումներուն:

Հուժէյրի ստանձնած է նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ ու լիբանանցի դատաւորներ հսկելու եւ հետապնդելու պարտականութիւններ:

Հուժէյրի եւ Ապու Ալի Եապրուտի Արսալի մէջ Քալամունի կրօնաւորներու նիստին թուականն ու ժամը հետապնդած են եւ 5 նոյեմբեր 2015-ին պայթումը գործած են անոնց դէմ, իսկ օր մը ետք անոնք Արսալի մէջ պայթեցուցած են բանակին զրահապատներէն մէկը:

Հուժէյրի յայտնեց նաեւ, որ Եապրուտիի խմբաւորումը պատասխանատու է լիբանանեան բանակի կեդրոնները ականահարելու նպատակով 5 ինքնաշարժներ ականելու արարքին, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ կարելի ըլլայ զինեալները հասցնել Թրիփոլի եւ ապահովել ծովային ելք մը:

Հուժէյրի շեշտեց, որ տակաւին կան ականուած 10 մոթորսիքլեթներ, որոնք Արսալի մէջ սպանութիւններ գործելու նպատակով պատրաստուած են:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ կատարեց խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց երկու յանցագործներ եւ գրաւեց մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք:

Պէտք է աւելցնել, որ Պատտաուիի մէջ գրաւուեցաւ «Քիա Չերաթթօ» տիպի ինքնաշարժ մը, որ կը պատկանէր ՏԱՀԵՇ-ին անդամ ըլլալու յանցանքով արգելափակուած Ահմետ Սապպաղի:

Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ ինքնաշարժը օգտագործուած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ Լիբանան փոխադրելու նպատակով:

ՆՇԵՆՔ, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր արգելափակեալ Իպրահիմ Ռիֆահին ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամ ըլլալու եւ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ կռուելու

յանցանքով` զայն փոխանցելով Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ. «Պըրժ Պարաժնէի Պայթումէն Ետք Կառավարութեան Կողմէ Արտակարգ Նիստ Մը Չգումարելը Լիբանանցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է»

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելը

RelatedPosts

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու
Լիբանանեան

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու

February 12, 2026
Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ  Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է  Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»
Լիբանանեան

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

February 12, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.