ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն հարազատներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ կառավարութեան համար բանակայիններուն թղթածրարը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կատարեալ լրջութեամբ կը հետեւի այդ թղթածրարին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց եւրոպական պետութիւններուն իրենց երկիրներէն դուրս արտաքսելու Իսլամ եղբայրներուն ղեկավարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան միացեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ պիտի որդեգրուին ապահովական խիստ միջոցառումներ` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը: Ան աւելցուց, որ պաղեստինեան զինեալ ուժերը կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ գիշեր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանին մէջ հանդիպում մը կատարած լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն յայտնեց, որ ինք կազմած է ընտրական օրէնք մը մշակելու յանձնախումբ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը ուղղակիօրէն մեղսակցած է Պըրժ Պարաժնէի պայթումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն գծելու պետական հաստատութիւնները աշխուժացնելու ընթացագիծ մը:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ զբօսաշրջութեան նախարար Հիշամ Զահզուհ խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ականահարումը` ընդգծելով, որ Գահիրէ կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն կապը քաղաքական ուժերուն հետ սխալ մըն է, որ ապահովական կառոյցներուն վնաս կը հասցնէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ զգայուն պահերուն ընթացքին լիբանանեան քաղաքական ուժերը գիտեն, թէ իրենց տագնապները ինչպէ՛ս պիտի լուծեն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչութեան սարսափը կրցած է երկրին քաղաքական տարակարծութիւնները զսպել եւ հոգիները հանդարտեցնել:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Հարաւային արուարձանները ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու նպատակը Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումն է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախանցեալ օր այցելեց ֆրանսական դեսպանատուն, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի` Փարիզը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական յարձակումներուն համար: Մաշնուք շեշտեց որ թափած արիւնը եւ թշնամին մէկ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ամօթալի երեւոյթ է, որ կառավարութիւնը Պըրժ Պարաժնէի պայթումէն եւ 45 զոհ արձանագրուելէ չորս օր ետք նիստ մը չգումարէ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր դրուատեց օրէնսդրական նիստին ընթացքին առողջապահական սննդանիւթի վերաբերող օրէնքին վաւերացումը:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ բոլոր ժողովուրդները պէտք է միասնական գտնուին եւ կազմեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միացեալ ճակատ մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իսամ Նաաման շեշտեց, որ անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին ընթացքին վաւերացուած յաւելեալ գումարներու օրինագիծը ապօրինի է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը առաջնահերթութիւն մըն է, որուն պէտք է լաւապէս ուշադրութիւն դարձնել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ օրինական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք կոչ ուղղեց աշխուժացնելու պետական հաստատութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ մշակել ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գոյութեան պայմաններուն մէջ, իրենք մնայուն կերպով թիրախ պիտի դառնան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն` իրարու միջեւ գործակցելու` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար ունի մէկ ելք, որն է Սուրիոյ զօրակցութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի համաձայնութեան կոչը բոլորին կը վերաբերի` աւելցնելով, որ պէտք է այդ իմաստով լրջօրէն խորհրդակցիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ ոչ ոք կրնայ ահաբեկչութեան դէմ դռները փակ պահել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ երկիրը ներկայիս կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնց ընթացքին անհրաժեշտ է ելեւմտական օրինագիծերը արագ կերպով վաւերացնել: