Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները

Նոյեմբեր 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միւֆթի Ժուզուի հետ հանդիպումէն պահ մը
Միւֆթի Ժուզուի հետ հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց անոնց զաւակները ազատ արձակելու ջանքերուն մանրամասնութիւնները:

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ, երէկ երեկոյեան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի էմիր Ապու Մալեք Թալլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջած Լիբանանի սահմանամերձ Մաարա եւ Ֆլիթա գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ 5 արգելափակեալ կիներ ազատ արձակել լիբանանեան բանտերէն, փոխարէնը խոստացած է ազատ արձակել Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները:

Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք վարչապետ Սալամի փոխանցած են այս տեղեկութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին վարչապետ Սալամի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմի վրայ:

Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ կապը միջնորդներու միջոցաւ կը հաստատուի` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապը ամիսներէ ի վեր խզուած է:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ Լիբանանը քաղաքական եւ տնտեսական իմաստով իր յոռեգոյն վիճակին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամ իմաստուն եւ գիտակից վերաբերմունքով կը փորձէ երկիրը փրկել:

Ժուզու շեշտեց երկրին աղբի տագնապին լուծման կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի համաձայնութեան կոչին լոյսին տակ արձանագրուած են դրական կեցուածքներ, յատկապէս նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:

Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, վարչապետ Սալամ կը նախատեսէ, որ քաղաքական մարզին մէջ տիրող դրական այս մթնոլորտը առիթ կը ստեղծէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Վարչապետ Սալամ ողջունեց եւ դրուատեց ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը, յատկապէս Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական արարքին մեղսակիցները ձերբակալելու առումով: Ան ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութիւնը` գոհունակութիւն յայտնելով անոր եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ տիրող համագործակցութեան մթնոլորտին համար:

 

Նախորդը

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Շարժումը Կոչ Կ՛ուղղէ Քայլարշաւի

Յաջորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ահաբեկիչները Եւ Պաշտպանել Երկրին Սահմաններն Ու Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?