Անկախ նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած յեղաշրջումի փորձը արդիւնք էր այն իսկական յեղաշրջումին, որ Թուրքիոյ Իսլամ եղբայրները կատարեցին, ղեկավարութեամբ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի: «Այսինքն` այդ յեղաշրջումը կատարուեցաւ Էրտողանի եւ Կիւլենի կողմէ` թրքական վարչակարգին դէմ, նախքան 1999 թուականը, երբ Էրտողանի եւ Կիւլենի միջեւ տարակարծութիւններ արձանագրուեցան, եւ այս վերջինը աքսորուեցաւ Միացեալ Նահանգներ», ըսաւ Համտան` հաստատելով, որ Էրտողանի ծրագիրն էր տիրել Թուրքիոյ, բանակին, դատական իշխանութիւններուն եւ կրթական մարզին:
Համտան նշեց, որ յեղաշրջումի փորձէն ետք կատարուած տասնեակ հազարաւորներու ձերբակալումը կը փաստէ, որ բերման ենթարկելու անուանացանկերը արդէն իսկ պատրաստ էին Էրտողանի ապահովութեան գաղտնի ուժերուն կողմէ: «Հետեւաբար, ատիկա կարելի է նկատել ընդդիմադիրները մաքրագործելու կանխամտածուած ծրագիր: Իսկ ինչ որ այսօր կը պատահի, սկիզբը կը նկատուի այն մեծ դէպքերուն, որոնք հետագային պիտի արձանագրուին թրքական իրականութեան մէջ», ըսաւ ան:
Համտան անդրադարձաւ նաեւ անցեալին Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ունեցած եւ այս ժամանակաշրջանին անոր ունենալիք դերակատարութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը արդէն իսկ սկսած է փոխուիլ` նկատի ունենալով Էրտողանի կողմէ Ռուսիայէն ներում հայցելը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը:
Համտան ընդգծեց նաեւ, որ Էրտողան իշխանութեան վրայ չի կրնար մնալ, եթէ ան վերջ չտայ Սուրիոյ տագնապին իր միջամտութիւններուն:


