Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաայի Մէջ. «Միայն Օրէնքի, Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Պետութիւնը Կրնայ Մեզի Պաշտպանել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

July 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_qaa_72116

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Քաա, ուր շրջանի բնակիչներուն յայտնեց, որ հակառակ Քաան հարուածած ահաբեկչութեան եւ նահատակներուն պատճառած ցաւին, մենք կը շնորհաւորենք ձեզ Մար Էլիասի տօնին առիթով եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որովհետեւ Քաայի 5 նահատակներն են, որոնք ամբողջ Լիբանանը փրկեցին հսկայ աղէտներէ:

«Դուք մեծ պատգամ կը կրէք, որովհետեւ դուք երկրին եւ շրջանին պարիսպներն էք: Մենք հոս կը գտնուինք գոյատեւելու, մեր երկիրը եւ պատգամ Լիբանանը պահպանելու համար», ըսաւ ան` հաստատելով, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչները ոչ մէկ կրօնի հետ կապ ունին, իսկ մենք նեցուկ կը կանգնինք ձեզի` ամէն իմաստով», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան Քաայէն ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք իրենց կեանքին գնով կը պաշտպանեն Լիբանանը: «Մենք հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային զօրակցութիւն կը յայտնենք նաեւ ձեզի եւ կը հասկնանք ձեր մտավախութիւնները», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ միայն օրէնքի, իրաւունքի եւ արդարութեան պետութիւնը կրնայ զիրենք պաշտպանել` պահպանելով նաեւ քաղաքացիներուն իրաւունքները:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց հանրապետութեան նախագահի, կառավարութեան եւ բանակի: «Մենք այս շրջանին մէջ կը գտնուինք Յիսուս Քրիստոսի օրերէն եւ այս շրջանին մէջ ունինք մեր քաղաքակրթութիւնն ու պատմութիւնը, որոնք կարելի է պաշտպանել միայն միասնականութեամբ գոյատեւելով»:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին վերջ տալու պատերազմներուն եւ անոնց համար յարմար քաղաքական լուծումներ գտնելու, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու, որովհետեւ համաշխարհային խաղաղութիւնը խանգարուած է:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Լեռնալիբանանի Նահանգապետի Պաշտօնակատարին Նշանակումը Վեց Ամիսով Երկարաձգեց

Յաջորդը

Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.