Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Զօրակցութիւն Յայտնեց Քաայի Բնակիչներուն

July 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sami_qaa_72116

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Քաայի բնակչութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Պաշիր Մաթարի եւ ընկերակցութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, թաղապետներուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Քաայի բնակիչները գոյատեւելու գերագոյն օրինակը կը նկատուին: «Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ Լիբանանի հողին ձեր կառչածութեամբ», շեշտեց Ժեմայէլ` կոչ ուղղելով լիբանանեան պետութեան պէտք եղած հոգատարութիւնը ցուցաբերելու Քաային` նկատի ունենալով անոր լքուած իրավիճակը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Քաան երկրագործութեան բացառիկ վայր մըն է, որ սակայն ոռոգման վերաբերող հարցեր կը դիմագրաւէ` տնտեսապէս աշխուժանալու համար:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը գտնուի Քաայի տրամադրութեան տակ: «Քաայի մէջ կուսակցութիւնը պատմութիւն ունեցած է, եւ մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ պատմութեան եւ Քաայի նահատակներուն յիշատակին», ըսաւ Ժեմայէլ:

Իր կարգին, Մաթար յայտնեց, որ իրենց կատարած այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել Ժեմայէլին` Քաայի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է Քաայի մէջ գոյատեւել:

Ժեմայէլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Հանդիպումին ներկայ էր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները: Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով լիբանանեան բանակին եււ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Նաւահանգիստ Հասած Թրքական Նաւը Խուզարկուեցաւ

Յաջորդը

Հըզպալլա Ռմբակոծումի Թիրախ Դարձուց ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.