
Երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի երէկ Թրիփոլիի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի հետ` ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Լասըն իմացաւ Սաֆատիի կեցուածքը երկրին իրավիճակին, յատկապէս` ընտրական օրէնքին եւ նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ:
Ապա Լասըն անդրադարձաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն Եւրոպական Միութեան տրամադրած օժանդակութիւններուն: «Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ անոր ապահովութիւնը ամրապնդելու եւ բազմազանութիւնը պահպանելու հրամայականով», շեշտեց Լասըն:


