
Հըզպալլայի ռազմական տեղեկատուութեան բաժանմունքին համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են Քաայի բարձունքներուն վրայ եւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերն ու անոնց շարժումները:
Հըզպալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը բուռն ռմբակոծումի ենթարկած են` քանդելով անոնց մեծ մասը եւ մարդկային վնասներ պատճառելով ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ պահանջուած ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն մէկը` Նեպիլ Սքաֆ, որ ծանօթ է «Ապու Մասաապ» մակդիրով, Սուրիոյ մէջ սպաննուած է` ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կռուելու ընթացքին:
ՆՇԵՆՔ, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ Հըզպալլա հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ստուերը հեռացուցած է իսլամ ժողովուրդներուն գլխէն:


