Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ խուզարկեց Պաալպէքի Շարաուինա շրջանը, ուրկէ գրաւեց «Փիք աբ» մը, 4 ինքնաշարժներ, մոթորսիքլէթ մը, քամերաներ, զէնքեր, ձեռնառումբեր եւ թմրեցուցիչ: Բանակը ձերբակալեց նաեւ Ալի Եուսեֆ Ժաաֆարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ ջնջեց Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայան իր այցելութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Թուիթըրեան իր գրառումներէն մէկուն մէջ հարց տուաւ, որ արդեօք նուազուրդի վարչութեան փոխանցուած ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն թղթածրարը կեղծուա՞ծ է: Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ, ինչպէս նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սահմանամերձ շրջանները ականներու վտանգներէն վնասազերծէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը լիբանանեան որոշում չէ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը բոլոր սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ նոյն վարուելակերպը պէտք չէ որդեգրէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ հարկ է քաղաքական կարեւոր որոշումներ տալ` սահմանափակելու համար տեղահանուածներու տագնապը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ երբ բարի նպատակը առկայ ըլլայ, կարելի կը դառնայ ելեկտրականութիւնը ապահովելու բոլոր արգելքները մեղմացնել: Ուեհպէ շեշտեց նաեւ, որ պէտք է սուրիացի գաղթականներուն համար դիւրին վերադարձ ապահովել` դէպի իրենց հողերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` Լիբանանի բարձունքներէն հեռացնելու ահաբեկիչները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ ոչ մէկ արգելք ունին սուրիական պետութեան հետ գործակցելու` սուրիացի գաղթականները իրենց գիւղաքաղաքները վերադարձնելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի շէյխ Նայիմ Հասանի հետ հանդիպումէ մը ետք, շեշտեց, որ Հըզպալլա առաջին իսկ օրէն կառչած մնացած է համամասնական ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա հաւատարիմ է իր դաշնակիցներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լրջօրէն չի վերաբերիր սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին հետ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը կապեր պիտի հաստատէ Անգարայի հետ` քննարկելու համար Արսալի մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականները Ճարապլոս փոխադրելու հաւանականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Հանդիպում` 7 Յուլիսին»

Յաջորդը

Ռաատ. «Մեզի Ո՛չ Սպառնալիքները Եւ Ո՛չ Ալ Ռազմափորձերը Կը Վախցնեն»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?