Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Խուրի Կատարեցին Ամշիթի Միջազգային Փառատօնին Մեկնարկը

July 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ նախանցեալ օր կատարուեցաւ Ամշիթի միջազգային փառատօնին մեկնարկը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Ամշիթի քաղաքապետ Թոնի Իսա, Ամշիթի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Ճօ Եունան, երգիչ Մարսել Խալիֆէ եւ երաժիշտ Կի Մանուկեան:

Կիտանեան յայտնեց, որ 2017-ի փառատօներուն մեկնարկը արդէն իսկ կատարուած է` աւելցնելով, որ 2018-ի պարագային փառատօները ներկայացնելու ձեւը եւ փառատօներուն հետ նախարարութեան գործակցութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ` պահելով հանդերձ անոնց թիւն ու այլազանութիւնը:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանան բախտաւոր է իր նոր իշխանութեամբ, ինչպէս նաեւ իր վայելած ապահովական կայունութեամբ: Ան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հիմնական պարտականութիւնն է Լիբանանը տեղադրել Միջին Արեւելքի զբօսաշրջութեան ցուցափեղկին վրայ:

Կիտանեան ըսաւ, որ այս իմաստով իրենք պիտի զօրակցին փառատօներուն` աւելցնելով, որ կարելի չէ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն ակնկալել, որ նոյնքան ներդրում ունենայ բոլոր փառատօներուն:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Ամշիթի 2017-ի փառատօնը բացառիկ պիտի ըլլայ վաստակաւոր Մարսել Խալիֆէի, իւրայատուկ Կի Մանուկեանի եւ Ամշիթի քաղաքապետութեան զօրակցութեամբ:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսները Դրուատեցին Բանակին Ու Ապահովութեան Ուժերուն Նուաճումները Եւ Կոչ Ուղղեցին Վաւերացնելու Աշխատավարձի Յաւելումները

Յաջորդը

Մաշնուք. «Տարբեր Առիթներով Օդը Կրակելը Ամօ՛թ Է Մեզի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.