Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պաշտօնական Հրաւէր Մը Ստացաւ Ասթանայի Վեհաժողովին Մասնակցելու

Յուլիս 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ղազախստանի նախագահական յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Էքիլփեք Քամալէտտին Նովը, որ նախագահ Աունին փոխանցեց Ղազախստանի նախագահ Նուր Սուլթան Նազարպաեւի նամակը:

Նամակը կը բովանդակէր հրաւէր` Ղազախստան այցելութեան եւ մասնակցութեան Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական երկիրներու գիտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու գործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 եւ 11 սեպտեմբերին:

Նազարպաեւ անհրաժեշտ նկատած էր նախագահ Աունի մասնակցութիւնը` նկատի ունենալով վեհաժողովին յաջողութեան մէջ անոր ունենալիք ներդրումը:

Ղազախ պատուիրակը նախագահ Նազարպաեւի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախագահ Աունին` մաղթելով, որ Լիբանան կը շարունակէ պահպանել ապահովական իր կայունութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց Նազարպաեւի, շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն յղուած հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ ընդգծելով այդ վեհաժողովին կարեւորութիւնը` ժողովուրդներուն միջեւ փոխըմբռնումը ամրապնդելու առումով:

«Լիբանանի մաղթանքն է, որ Ասթանայի բանակցութիւնները յաջողին, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները ապահով կերպով վերադառնան իրենց երկիրը», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ լիբանանեան-ղազախական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Կը Ծառայէ Լիբանանի Շահերուն, Իսկ Սուրիոյ Հետ Գործակցելու Ոչ Մէկ Արգելք Կայ» Ընդգծեց Ժրայսաթի

Յաջորդը

Հանդիպում` Նախարարներ Մաշնուքի Եւ Պասիլի Հետ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?