Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին կտրուկ կերպով հերքեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանին որեւէ սպառնալիք փոխանցած է` աւելցնելով, որ քննարկուածը «ընդհանուր մթնոլորտի մէջ» ըլլալէ դուրս չէ եկած:
Անդրադառնալով մինչեւ այս ամսուան վերջը իսրայէլեան պայմանաժամի կամ պատերազմի մօտալուտութեան մասին տարաձայնութիւններուն` Պըրրի ըսաւ. «Այս մթնոլորտին աղբիւրը իսրայէլեան լրատուամիջոցներն ու իսրայէլացի թշնամիի յայտարարութիւններն են, եւ իսրայէլացիները շաբաթներէ ի վեր կը սպառնան»:
Ան նաեւ հերքեց, թէ որեւէ միջազգային պատուիրակ Լիբանանին ուղղակի սպառնալիք փոխանցած է:
Ինչ կը վերաբերի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի Թեհրան այցելութեան, Պըրրի նշեց, որ Խալիլ մասնակցած է պաշտօնական խորհրդաժողովի մը, որուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է շարք մը իրանցի պաշտօնատարներու հետ, որոնց շարքին` Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի հետ:
Ան ըսաւ, որ այցելութիւնը առիթ ընծայած է մօտէն ծանօթանալու Թեհրանի մէջ քաղաքական տրամադրութեան, ինչպէս նաեւ քննարկելու, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կա՞յ որեւէ շարժում, որ կրնայ շրջանային թղթածրարներուն, որոնց շարքին Լիբանանի վրայ ազդել` աւելցնելով, որ Խալիլին փոխանցուած է, թէ ներկայիս «երկու կողմերուն միջեւ որեւէ հաղորդակցութիւն կամ խօսք չկայ»:
Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին շուրջ բանավէճին, Պըրրի հարցը վերջնականապէս փակեց ըսելով. «Ներկայ օրէնքն է, որ առանց որեւէ բարեփոխումի պիտի գործադրուի»:
Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիները «կա՛մ արտասահմանի մէջ իրենց յատկացուած վեց երեսփոխաններուն կը քուէարկեն, կա՛մ ալ եթէ կը փափաքին 128 երեսփոխաններու քուէարկել, պէտք է Լիբանան գան»:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հակադարձելով Պըրրիին ըսաւ. «Արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան մեքանիզմը խորհրդարանը կամ կառավարութիւնը կը ճշդէ, որ ոչ թէ` խորհրդարանի նախագահութիւնը»:


