. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի խորհրդական Անտրէ Ռահհալը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու վերջին զարգացումները:
Պըրրի նաեւ ընդունեց շէյխ Ահմետ Թալեպը:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու Ուաշինկթընի պայմանաժամը աւարտին մօտենալով, Լիբանանի վրայ ամերիկեան ճնշումները կ՛աւելնան, եւ Լիբանանը որեւէ հաւանական մագլցումէ զերծ պահելու համար սէուտական եւ եգիպտական աշխատանք գոյութիւն ունի»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ ամերիկեան հովանաւորութեամբ միջազգայնօրէն արգիլուած պատերազմական հայեցակարգ կը կիրարկէ, սակայն առանց գետնի վրայ շարժելու, որովհետեւ ատոր գինին չի կրնար տոկալ, եւ Ուաշինկթըն այդ քայլին կ՛ընդդիմանայ, ուստի ան օդային տարածքը կը խախտէ եւ Դիմադրութեան վրայ ճնշում կը գործադրէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպումն ու զայն ուղղակի կերպով հարաւային Լիբանանի կացութեան ընթացքէն տեղեակ պահելը, որ կը համընկնի Օրթէյկըսի մասնակցութեամբ Մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովին հետ, առիթ պիտի ընծայէ Լիբանանի դէմ պատերազմի ընդլայնումը կանխարգիլելու ելք մը գտնելու»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը ծանօթացման համար է, եւ նպատակը գնահատելն է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` իբրեւ զինաթափման թղթածրարի մէկ մաս»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Պապին Պէյրութ այցելութիւնը աւարտեցաւ, սակայն ոչ անոր ազդեցութիւնը»:
. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պապին արտասանած խօսքը, հակառակ Սուրբ աթոռի բնորոշ հանդարտ ոճին, կը բովանդակէր ուղղակի ուղերձներ, որոնք կը համընկնէին ուշ ըլլալէն առաջ գործելու անհրաժեշտութեան մասին Լիբանանին ուղղուած միջազգային եւ արաբական նախազգուշացումներուն»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «պապը Վատիկանի դեսպանատան մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ իր դռնփակ հանդիպումի ընթացքին «չափազանց անկեղծ էր», մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի եկեղեցական ներքին բարեկարգումներուն, որոնց գործադրումը հրատապ եւ անհրաժեշտ դարձած են»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 4000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.464.000 լ.ո.-ի եւ 1.504.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 15000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.433.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.090.000 լ.ո.:


