Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Պէյրութ Այցելած Պատուիրակներու Գնահատումը Կը Հաստատէ, Որ Կացութիւնը Վտանգաւոր Է Եւ Մագլցումի Ենթակայ»

December 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատրաստ ենք Իսրայէլի հետ անդրռազմական բանակցութիւններու, եւ լիբանանցի նախկին դեսպան մը (Մեքանիզմի) յանձնախումբին միացնելու քայլը քաղաքական ամուր զօրակցութիւն եւ ազգային հովանի կը վայելէ»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այս քայլին նկարագրման մէջ շատ հեռու գնաց», աւելցուց վարչապետը:

«Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն դէմ չենք, եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կապուած է խաղաղութեան հոլովոյթին», նշեց Սալամ:

«Պիտի չարտօնենք արկածախնդրութիւններ, որոնք մեզ նոր պատերազմի կ՛առաջնորդեն, եւ պէտք է Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմին փորձառութենէն դաս քաղել», շեշտեց ան:

«Հըզպալլայի զէնքը Իսրայէլը ետ չկանգնեցուց ու Լիբանանը չպաշտպանեց: Պետութիւնը վերստանձնեց պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը», ըսաւ վարչապետը:

«Հըզպալլան պէտք է իր զէնքը յանձնէ, եւ ասիկա պետութեան ծրագիրին անոր մասնակցութեան կարեւորագոյն խորագիրն է», յայտնեց Սալամ:

«Պէյրութ այցելած պատուիրակներու գնահատման համաձայն, կացութիւնը վտանգաւոր է եւ մագլցումի ենթակայ», աւելցուց ան:

«Մեզի հաւանական մագլցումի վերաբերեալ իսրայէլեան պատգամներ հասան, սակայն անոնք ժամկէտներու չեն կապուած», նշեց վարչապետը:

 

Նախորդը

Ամմար. «Հըզպալլայի Պապին Ընդունելութեան Գործուն Մասնակցութիւնն Ու Այցելութեան Ուղեկցիլը Կ՛արտացոլացնէ Համակեցութեան Սկզբունքին Մեր Անսասան Համոզումն Ու Նուիրուածութիւնը»

Յաջորդը

Խաղաղութեան Պապին Խաղաղութեան Պատգամը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.