«Աքսիոս» կայքը Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի վերջին ժողովին շուրջ տեղեկատուութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլէն եւ Լիբանանէն դիւանագէտներ չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ ժողով գումարեցին եւ քննարկեցին տնտեսական ծրագիրներու մէջ գործակցութիւնը` նպաստելու համար երկու երկիրներու հասարակաց սահմանին մօտ գտնուող հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան կայունացման»:
Ամերիկեան կայքը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը 9 ամիսներէ ի վեր կը փորձէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ այսպիսի երկխօսութիւն մը ամրապնդել»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ ժողովը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման եւ Լիբանանի մէջ պատերազմի վերսկսումէն խուսափելու»:
Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը վերջին ամիսներուն ամերիկեան վարչակազմին յայտնեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը բաւարար ջանք չի թափեր Հըզպալլան զինաթափելու իր որոշումը գործադրելու: Իսրայէլացիները Սպիտակ տունը զգուշացուցած են, որ եթէ Հըզպալլան շարունակէ ներկայ կշռոյթով վերազինուիլ, ապա իրենք պիտի ստիպուին պատերազմը վերսկսելու` անգամ մը եւս զինեալ խմբաւորումը տկարացնելու համար»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին ըսած է. «Թրամփի վարչակազմին կարծիքով` Հըզպալլայի զինուորական հրամանատարի ահաբեկումը իսրայէլեան կառավարութեան քաղաքական խուսանաւումի աւելի լայն կարելիութիւն շնորհեց եւ յետաձգեց Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հաւանական զինուորական գործողութիւնը: Ամերիկեան վարչակազմը կը կարծէ, թէ, հակառակ իսրայէլացի կարգ մը քաղաքագէտներու եւ զօրավարներու յայտարարութիւններուն, Իսրայէլի կողմէ պատերազմի վերսկսումը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին սեղանի վրայ չէ»:
«Վերջին շաբաթներուն լարուածութեան բարձրացման շարունակումով, ամերիկեան վարչակազմը երկու կողմերուն վրայ ճնշում բանեցուց Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու դիւանագէտներ ուղարկելու», աւելցուց պաշտօնատարը:
Ըստ «Աքսիոս»-ի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Միշել Իսան լիբանանեան կառավարութիւնը համոզեց «հակառակ իսրայէլեան հարուածներուն» այդ բանակցութիւններուն մասնակցելու, իսկ ամերիկացի դիւանագէտ Մորկըն Օրթէյկըս իսրայէլացիները համոզեց մասնակցելու` հակառակ Հըզպալլայի նկատմամբ Պէյրութի տկար քայլերէն իրենց գանգատին:
«Երեքշաբթի օր Օրթէյկըս հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին հետ եւ զինք յորդորեց ժողովին դիւանագէտ մը ուղարկելու: Ան Նեթանիահուին ըսաւ, որ հակառակ այն իրողութեան, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը չկարողացաւ Հըզպալլայի դէմ յաւելեալ բան ընել, սակայն Իսրայէլի համար տասնամեակներէ ի վեր նախկին որեւէ լիբանանեան կառավարութենէ լաւ է: Իսրայէլ եւ Լիբանան երեքշաբթի գիշեր համաձայնեցան դիւանագէտներ ուղարկելու», նշեց ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Ամերիկեան կայքը յայտնեց, թէ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են ամերիկեան բանակի ղեկավարութեամբ զինադադարի հսկողութեան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ամսական ժողովի ծիրին մէջ: Սպաներու բանակցութիւններէն ետք, Օրթէյկըս եւ իսրայէլացի ու լիբանանցի դիւանագէտները անջատ ժողով մը գումարած են:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Հիմնական նպատակը երկու կողմերուն իրարու ծանօթացումն էր»:
«Առաջին ժողովին ամէնէն խորքային հարցերէն մէկը հարաւային Լիբանանի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւնն էր, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի պատերազմէն վնասուած շրջաններու վերաշինութեան», նշեց աղբիւրը:
Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարին, «երկու կողմերը ներկայիս կը քննարկեն հասարակաց փոքր ծրագիրներ, որոնք կը վերաբերին «Թրամփի տնտեսական գօտի» ստեղծելու ամերիկեան երկարատեւ պատկերացումին»:
Լաւատեղեակ աղբիւրը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Կողմերը համաձայնեցան տարեվերջէն առաջ անգամ մը եւս ժողով գումարել եւ վստահութեան կառուցման նպաստող տնտեսական առաջարկներ ներկայացնել»:
«Բոլոր կողմերը համաձայն են, որ հիմնական նպատակը կը մնայ Հըզպալլայի զինաթափումը: Երեք բանակները պիտի շարունակեն զինադադարի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով անոր վրայ աշխատիիլ», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատարը:


