Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն սկիզբը նախագահ Աուն խօսեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան մասին եւ կարեւորութեամբ նշեց լիբանանցիներուն եւ անոնց միասնականութեան պատկերը:
«Դեսպան Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ նշանակումը տեղի ունեցաւ իմ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ Նաքուրայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունենալու անհրաժեշտութեան եւ յանձնախումբին քաղաքային անձ մը միացնելու անհրաժեշտութեան շուրջ խորհրդակցութիւններէ ետք»:
«Բնական է, որ առաջին նիստը շատ արդիւնք չտայ, սակայն անիկա ճամբայ հարթեց յաջորդող նիստերուն, որոնք պիտի սկսին 19 դեկտեմբերին», ըսաւ ան` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է, որ պատերազմի լեզուին տեղ բանակցութեան լեզուն տիրէ»:
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր Լիբանանի մէջ ելեւմտական կացութեան վերաբերեալ դրական զեկուցում մը ներկայացուց եւ նշեց. «Միջազգային դրամական ֆոնտը ամավարկի յաւելում եւ յաւելեալ տուրքերու սահմանում պահանջեց»` աւելցնելով. «Ելեւմուտքի նախարարութիւնը մտադիր չէ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ տուրքերը աւելցնել»:
«Ելեւմտական կացութիւնը կայուն է, պիւտճէական բաց չկայ, եւ սկսանք լիբանանեան թղթադրամով յաւելում արձանագրել», յայտնեց Ժապեր:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ ներկայացուց իր ամսական զեկուցումը` թուելով Լիթանի գետէն հարաւ լիբանանեան բանակին կատարած առաքելութիւնները եւ պապի այցելութեան ընթացքին որդեգրուած ապահովական քայլերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նիստի աւարտին լրագրողներուն յայտնեց. «Բանակին իր առաքելութիւնը կատարելու կարելիութիւն տալու վերաբերեալ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին»:


