Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Ապահովութեան Խորհուրդի պատուիրակութեան հետ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Դեսպան Սիմոն Քարամի անձը տպաւորիչ է, եւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ժողովը աւելի լաւ էր, որովհետեւ անոր քաղաքայիններ մասնակցեցան»:

. ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ յունիսին ընթացք առած սուրիացի գաղթականներու անվտանգ եւ կազմակերպուած տունդարձի ծրագիրի 12-րդ փուլին աւելի քան 378 հազար սուրիացի գաղթականներ իրենց երկիր վերադարձած են:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան յառաջիկայ շաբաթ Պէյրութ պիտի այցելէ:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի հարաւային սահմանին եւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանին վրայ միջազգային ուժեր տեղակայելու Ֆրանսայի ղեկավարութեամբ ծրագիր մը գոյութիւն ունի»:

. ԱԿԱՆԱՒՈՐ երեսփոխանական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Կառավարութեան փոխանցած ծրագիրը կ՛ենթադրէ, որ երկրին մէջ չբնակողներուն համար ընտրութիւնները տեղի ունենան առանց վեց աթոռներուն, ինչպէս տեղի ունեցաւ 2018-ի եւ 2022-ի ընտրութիւններուն ընթացքին»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով բանակցելու որոշումը տեւական կերպով բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնատարներուն յայտարարութիւններուն մէջ միաձայնութիւն կը վայելէ: Մերժումը միշտ ալ Իսրայէլի կողմէն էր, որ վերջերս ամերիկեան ճնշումներու ենթարկուեցաւ զայն ընդունելու համար»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը կը վստահեցնեն, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին մասնակից է դեսպան Քարամը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ նշանակելու որոշումին, իսկ Պըրրիի աղբիւրները կը հերքեն:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի լիբանանեան պատուիրակութեան իբրեւ պետ քաղաքայինի մը ընտրութիւնը շրջադարձ մըն է, որ ցոյց կու տայ պետութեան գիտակցութիւնը, թէ նշեալ յանձնախումբին մուտք գործած փուլը բացարձակ զինուորական բնոյթէն անդին անցաւ, եւ իրական պայքարը այժմ քաղաքական թէզ հիւսելու մէջ է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պարտականութիւնը սահմանափակուած է քննարկումովը ապահովական դասաւորումներու, որոնք կը ներառեն թշնամական արարքներու դադրեցումը, գերիներու տունդարձը, իսրայէլեան հեռացումը եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին վիճելի կէտերու սրբագրումը»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը առաջին ժողովէն տարբեր պիտի ըլլայ եւ պիտի ունենայ յստակ օրակարգ մը, որ համահունչ է անուղղակի բանակցութեան քայլին: Անցում պիտի կատարուի մանրամասնութիւններու քննարկման, եւ պիտի կեդրոնացուի ապահովական կացութեան վրայ: Լիբանան աշխատանքի շարունակման համար օդային յարձակումներու դադրեցումը պիտի առաջարկէ»:

. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ինչպէ՞ս ոմանք կ՛ուզեն, որ 85 տարեկան եղող պատրիարքը երեւայ, երբ քանի մը ամիս առաջ կոնքի գործողութեան ենթարկուած է եւ ունի այնպիսի մեծաթիւ այցելութիւններու ծրագիր ու երեք օրուան ընթացքին երկար ժամեր, որոնք նոյնիսկ երիտասարդը կը յոգնեցնեն»:

Նախորդը

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Յաջորդը

Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Ուղղելով` Պարրաք. «Հըզպալլան Կարելի Չէ Բռնի Ուժով Զինաթափել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.