Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Քաթարի դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպում ունեցայ վարչապետին հետ, որ վաղը պիտի մեկնի Տոհա` մասնակցելու համար Տոհայի ֆորումին, եւ անոր փոխանցեցի, թէ Քաթարի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն` տնտեսական, քաղաքական, զինուորական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ աջակցիլ լիբանանեան կառավարութեան»:
«Մենք Լիբանանով հետաքրքրուած ենք», նշեց ան:
Դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Լիբանանի կայունութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր եւ մեր սրտին թանկ է»:


