Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Նոր Տարին` Ապահովական Բացառիկ Կայունութեան Եւ Տօնախմբութիւններու Մթնոլորտի Մէջ

Յունուար 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Նոր տարուան գիշերը իր տեսակին մէջ եղաւ իւրայատուկ` նկատի ունենալով հիմնական երկու ազդակներ` Պէյրութի Նըժմէ հրապարակին վրայ հաւաքաբար Նոր տարին դիմաւորելու առիթով կազմակերպուած տօնախմբութիւնները եւ ամբողջ երկրի տարածքին տիրած ապահովական բացառիկ կայունութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ բանակի պատասխանատուներու պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի դրուատեց բանակին դերակատարութիւնն ու ճիգերը` երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Նշենք, որ 31 դեկտեմբերին վարչապետ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Ան իր բարեմաղթութիւնները յղեց իշխանութեան պետերուն` յոյս յայտնելով, որ 2018-ին դարձեալ համախմբուին` պաշտպանելու Լիբանանը եւ ծառայելու քաղաքացիներուն:

Թուիթըրեան այլ գրառումով մը, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` երկրին անդորրը պահպանելու անոնց ջանքերուն համար:

Միւս կողմէ, Կաղանդի գիշերը վարչապետ Հարիրի կատարեց շարք մը այցելութիւններ, որոնց շարքին էին Թարիք Ժտիտէի որբանոցին, Մար Էլիասի Էմիլ Հըլու զօրանոցին, Ուզայիի Հանրի Շեհապ զօրանոցին եւ Քարանթինայի հրշէջներու կեդրոնին տրուած այցելութիւնները, որոնց ընթացքին ան բոլորին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` խոստանալով իր պատասխանատուութիւնները լիովին ստանձնել` կերտելու համար աւելի լաւ Լիբանան մը:

Էմիլ Հըլու զօրանոցին մէջ Հարիրի դիմաւորուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ եւ անկէ իմացաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն գործադրելիք ապահովական արտակարգ ծրագիրին մանրամասնութիւններուն մասին:

Հարիրի շնորհաւորեց բոլորը, դրուատեց անոնց ճիգերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն վարչապետ Հարիրին դիմաւորեց Հանրի Շեհապ զօրանոցի մուտքին:

Զօրանոցին մէջ զօր. Աուն վարչապետին ներկայացուց նոյն գիշերուան ընթացքին բանակին գործադրելիք ապահովական ծրագիրը:

Հարիրի բարձր գնահատեց բանակին ջանքերը` հաստատելով, որ բանակը Լիբանանին հպարտութիւնն է: Ան շեշտեց, որ բանակին ու բանակի հրամանատարին նկատմամբ իրենց վստահութիւնը մեծ է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունին` Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութեան համար:

Լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Հարիրի նշեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը քաղաքական է, եւ իրենք այդ հարցը պիտի լուծեն իբրեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Հարիրի ընդգծեց, որ այդ հարցը պիտի լուծուի:

Հարիրի այցելեց նաեւ Ժնահի մէջ գտնուող Պետական անվտանգութեան ուժերու կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի կողմէ:

Հարիրի իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նաեւ Սալիպային` ողջունելով ամբողջ Լիբանանի տարածքին Պետական անվտանգութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

Պէտք է աւելցնել, որ բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներուն պետերը իրենց կարգին այցելեցին ապահովութեան ուժերուն կեդրոնները եւ ճամբաները զետեղուած անցարգելները` անձամբ հսկելով երկրին անդորրին պահպանումին:

Այս շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ուղղուեցաւ Մասնաա, շնորհաւորեց սահմանին հսկող ոստիկանները եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց:

Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ են երկրին ապահովութիւնը եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը պաշտպանող գործողութիւններուն համար:

Կէս գիշերին վարչապետը ուղղուեցաւ նաեւ Նըժմէի հրապարակ, ուր մասնակցեցաւ իր նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Նոր տարուան տօնակատարութիւններուն:

Ան անակնկալի մատնեց քաղաքացիները` հաստատելով, որ այս է Լիբանանը եւ Պէյրութը` Միջին Արեւելքի գոհարը: Ան բոլորին ուրախութիւն մաղթեց` շեշտելով, որ ինք հպարտ է Պէյրութի մէջ ընթացող այդ տօնախմբութիւններով:

Հակառակ աննպաստ կլիմային եւ տեղատարափ անձրեւին, Պէյրութի քաղաքապետութեան կազմակերպած Նոր տարուան տօնախմբութիւնը եղաւ բազմամարդ:

Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի յայտնեց, որ տօնախմբութեան ներկաներուն թիւը 50 հազար եղած է:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ Նոր տարուան գիշերուան տօնակատարութիւնը ամբողջ աշխարհին ներկայացուց Լիբանանի ճիշդ պատկերը: «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս տօնակատարութեան համար, որ ամբողջ աշխարհին ներկայացուց Լիբանանի մասին այն իսկական պատկերը, որ կը փափաքինք ցոյց տալ բոլոր արտերկրի լիբանանցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն` քաջալերելով անոնց Լիբանան վերադարձն ու այցելութիւնը: Նոր տարուան գիշերուան պատկերները ջրեցին նախորդ տարիներուն Լիբանանի մասին ներկայացուած ժխտական բոլոր պատկերները` վերահաստատելով Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ բոլորին վստահութիւնը», գրեց նախարար Կիտանեան:

 

Նախորդը

«Տօնական Օրերուն Ընթացքին Տիրած Անդորրը Փաստեց Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստան 2017-ին Անվերապահօրէն Վերադարձաւ Բանակցութիւններու Հոլովոյթ»

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?