Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տօնական Օրերուն Ընթացքին Տիրած Անդորրը Փաստեց Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով տիրած ապահովական կայունութեան համար:

Ան դրուատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնն ու ջանքերը` պահպանելու համար երկրին անվտանգութիւնը:

«Տօնական օրերուն ընթացքին տիրած անդորրը փաստեց երկրին վայելած աւելի քան միամեայ ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանի մասին փայլուն պատկեր մը ներկայացուց ամբողջ աշխարհին` ձախողեցնելով Լիբանանի կայունութեան մասին կասկածներ սերմանող կարգ մը արտաքին ուժերու փորձերը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան նպատակով Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները եւ նախապատրաստութիւնները:

Քննարկուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեաները արդիական սարքերու գործածութեան ընտելացնելու նպատակով կազմակերպուելիք վարժողական ծրագիրներու կարեւորութիւնը:

 

Միւս կողմէ, Սարրաֆ նախագահ Աունին ներկայացուց Կաղանդի գիշերը գործադրուած ապահովական ծրագիրը` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին պահպանել կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Թուֆիք Ժապեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Ժապերին տուաւ կարգ մը ցուցմունքներ:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Աուն վաղը` հինգշաբթի, 4 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Ընդհանուր Ապահովութեան Եւ Պետական Անվտանգութեան Ուժերուն Պատասխանատուները

Յաջորդը

Լիբանանի Նոր Տարին` Ապահովական Բացառիկ Կայունութեան Եւ Տօնախմբութիւններու Մթնոլորտի Մէջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.