Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆէյհայի քաղաքապետական խորհուրդին` Թրիփոլիի աղբի տեսակաւորման գործարանը փակելու առիթով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը տնտեսութեան նկատմամբ բնաւ հոգատարութիւն չի ցուցաբերեր` աւելցնելով, որ դասաւորումներու մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները պարզապէս խօսքեր են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ երէկ հեռագիր մը յղեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին, եւ ողջունեց իրանեան խորհրդարանին որոշումը` Երուսաղէմը Պաղեստինի մնայուն մայրաքաղաք հռչակելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին լուծումը դատական իշխանութիւններուն դիմելով կարելի չէ ապահովել, այլ` վերադառնալով սահմանադրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք հաշտութիւնները պիտի պահպանեն` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ տարակարծութիւններ արձանագրուին, իրենք պիտի շարունակեն իրենց յառաջընթացը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին քաղաքական լուծում ապահովելու եւ ոչ թէ դատական:

ՍՈՒՐԻ հոգեւորականներու համախմբումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ իշխանութեան պետերուն կողմնակի տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ կեդրոնանալու ապրուստի հոգերը լուծելու հոլովոյթին վրայ:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն տագնապը սահմանադրութեան խախտումի եւ համայնքային դրութեան պատճառով արձանագրուած է:

 

Նախորդը

Եգիպտոս. Հալուանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Ահաբեկչական Յարձակում

Յաջորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Շնորհաւորելու Ընթացքին. «Ձեր Նուաճումներուն Շնորհիւ Տնօրէնութեան Անունը Արձանագրուած Է Պատուոյ Ցանկին Վրայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?