Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` սուրիացիներ Ատնան Մոհամետ Նաժիպ Զհուրի եւ Հասսան Ահմետ Զաքրիթ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ական ըլլալու յանցանքով ձերբակալուած էին Արսալի բարձունքներուն վրայ, փոխանցուեցան համապատասխան դատական ատեաններուն:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ տարեկան դրութեամբ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն մօտ կ՛արձանագրուի 25 հազար երեխայի ծնունդ: Ան նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմի աւարտին զուգահեռ, Սուրիա վերադարձող տեղահանուածներուն թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան ընդգծեց ապահովութեան ուժերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան ամբողջ Լիբանանի ապահովութիւնը իրենց հակակշիռին տակ առնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր մտավախութիւն յայտնեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն քաղաքացիութիւն կրնայ շնորհուիլ` աւելցնելով, որ անիկա հակասահմանադրական է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Անթուան Սաատ յայտնեց, որ Թայմուր Ժոմպլաթ լիբանանեան խորհրդարան մուտք պիտի գործէ իր կշիռը ունեցող երեսփոխանական պլոքով մը, ինչպէս որ էր պարագան անոր հօր` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամմար Մուսաուի հաստատեց, որ պէտք է օգտուիլ լիբանանեան միասնականութենէն` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց դաշնակիցներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` կոչ ուղղելով անոնց մնալու միասնական` աւելի հզօր Լիբանան մը կերտելու նպատակով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ ներքին լիբանանեան համագործակցութեամբ կարելի է բարդ նկատուող բոլոր հարցերն ու թղթածրարները լուծել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Նոր տարին նոր սկիզբ ըլլայ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն միջեւ համագործակցութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա գուժեց Ռաշայայի միւֆթի շէյխ Ահմետ Տըննի մահը` հաստատելով, որ ան ակներեւ իսլամ հոգեւորական մըն էր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն ողջունեց Կաղանդի գիշերը Լիբանանի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Իրանի մէջ քաոսի ստեղծումը Դիմադրութեան առանցքին իրականացուցած յաջողութիւններուն դէմ ամերիկեան հարուած մը կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի սկսի իր ժողովները գումարելու` աւելցնելով, որ յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուելիք թեկնածուներն ու ընտրացանկերը կրնան յստականալ:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախկին նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ Լիբանանի կրթական տարեշրջանը վտանգուած է եւ ենթակայ` անաւարտ մնալու, եթէ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները չվճարուին:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումը դրուատեց Նոր տարուան գիշերը գործադրուած ապահովական ծրագիրը եւ բարձր գնահատեց ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ նախքան հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին գումարումը, վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ տարակարծութիւնը պիտի լուծուի, ինչպէս որ կարելի եղած է լուծել երկրին բոլոր մեծ հարցերը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` լուծելու համար 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու հարցը:

 

Նախորդը

Փենս Այս Ամիս Պիտի Այցելէ Եգիպտոս Եւ Իսրայէլ

Յաջորդը

Պասիլ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Դեսպաններուն Լիազօրագիրները Եւ Նախագահեց Համախմբումի Նիստին

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?