Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քուէյթ, ուր դիմաւորուեցաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահի կողմէ:
Պայան պալատին մէջ նախագահ Աուն եւ Սուպահ իշխանը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց աւելի ընդարձակ հանդիպում, որուն մաս կազմեցին լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց քուէյթցի պաշտօնակիցները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն եւ Քուէյթի իշխանը համաձայնեցան ամրապնդել երկկողմանի յարաբերութիւններն ու բոլոր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սուպահ իշխանին` միշտ եւ բոլոր պայմաններուն ներքեւ Լիբանանին զօրակցելու առիթով:
Սուպահ իշխանը հաստատեց, որ Քուէյթ պիտի չզլանայ օժանդակելու Լիբանանին ուղղակիօրէն, թէ միջազգային խորհրդաժողովներու ընդմէջէն:
Նախագահ Աուն եւ Սուպահ իշխան նոյն տեսակէտը բաժնեցին արաբական միացեալ կեցուածքով` արաբական աշխարհին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով: Անոնք ընդգծեցին արաբական միասնականութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ այս փուլին` մաղթելով, որ յառաջիկայ մարտին Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովը արաբական համախոհութիւնը վերապրեցնող առիթի մը վերածուի:
Նախագահ Աուն եւ Սուպահ իշխանը խստիւ դատապարտեցին Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող ամերիկեան որոշումը:
Նշենք, որ նախագահ Աունի ընկերակցեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ժամալ Ժարրահ, Այման Շքէյր եւ Ինայա Իզզէտտին, նախագահ Աունի խորհրդականներ Միրէյ Աուն Հաշեմ եւ Էլիաս Ապու Սաապ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Բարգաւաճման եւ վերանորոգումի խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, ինչպէս նաեւ Քուէյթի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Մահեր Խէյր եւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային:
Նախագահ Աուն իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Քուէյթի վարչապետ Ժապեր Մուպարաք Համատ Սուպահը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Քանայի յայտնեց, որ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Արաբական օժանդակութեան ֆոնտի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Եուսեֆ Համատը, որուն հետ քննարկեց Տըպպայէ-Աքայպէ մայրուղիի շինութեան եւ Լիբանանի մէջ գնացքի դրութեան վերահաստատման ֆինանսաւորումը:
Հանդիպումին ընթացքին հաւանութիւն յայտնուեցաւ հոգալու Եսուհ Մալաքէն Ժեհիթայի հրապարակ տանող ճամբուն եւ Թրիփոլիի մայրուղիին նորոգութեան ծախսերը:
Երեկոյեան նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք Լիբանանի մէջ սկսած են իշխանութեան նոր գործելաոճ մը, որ նախկիններէն տարբեր է, եւ իբրեւ նորութիւն ու փոփոխութիւն այդ գործելաոճը կասկածներ կը պատճառէ, «բայց եւ այնպէս պէտք է վստահիլ նոր իշխանութեան, որուն ներկայացուցիչները հայրենիքին զաւակներն են եւ ոսկեայ դգալներով չեն սնանած», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ամէնէն կարեւորը ընտրական օրէնքն էր եւ անիկա արդէն իսկ որդեգրուած է` աւելցնելով, որ իրենց ճիգերը կը կեդրոնանան երկրին տնտեսութեան զարգացման վրայ:



