Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ այժմ կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններու փուլին մէջ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կը պնդեն այդ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
«Հետեւաբար ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու մասին խօսակցութիւնները անտեղի են, իսկ եթէ խորհրդարան ուղղուած ըլլայինք ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու, ապա անիկա վտանգաւոր պիտի ըլլար:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւններու առաջադրումը կը սկսի 5 փետրուարին եւ կ՛աւարտի 7 մարտին», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ ընտրարշաւները իրենց կարգին կը սկսին 5 փետրուարին:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ կարելի չէ ընտրարշաւի սկսիլ եւ տակաւին խօսիլ ընտրական օրէնքին կրելիք փոփոխութիւններուն մասին:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 30 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:



