ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց Հիւսէյն Մոհամետ Ամմարը (ծանօթ` Քաշուշ անունով)` Ժապհաթ Նուսրային անդամակցելու յանցանքով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական փոթորիկները անցողակի են` աւելցնելով, որ անոնք կը նմանին սեւ ամպերուն, որոնք կու գան ու կ՛երթան:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ընդհանրացնելու սիոնական գոյացութեան հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման դիմադրելու մշակոյթը:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին շեշտեց, որ Քուէյթի իշխան Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահը խոստացած է ամէն իմաստով օժանդակել Լիբանանին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը քաղաքական բոլոր ուժերուն արդար մրցակցութեան առիթ կ՛ընծայէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշ երէկ հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ միայն ապահովական հսկայ ցնցումի մը պատճառով է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի է յետաձգել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարական ընտրութիւններ ըլլան: Ան նշեց, որ իրենք արդէն իսկ սկսած են ընտրական աշխատանքի` առանց սպասելու այս կամ այն քաղաքական կողմին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Լիբանանի համար գլխաւոր հիմնահարցը կը մնայ աղբերու տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու կարելիութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը ընտրական քաոս մը պատճառած է` աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ նոր դէմքերուն լիբանանեան խորհրդարան մուտքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք տակաւին չէ վերջնականացուցած իր թեկնածութեան կարելիութիւնը, իսկ ապօրինի զէնքին գոյութիւնը շատ աւելի վատ է, քան աղբերու տեսարանը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ կը պատրաստուի ամբողջական ընտրացանկով ներկայանալու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրել կը նշանակէ բարեկարգումներուն կարելիութիւնը արգելակել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ իրենց դէմ բացուած դատական հարցը հպարտալի շքանշան մըն է:
ՄԱՍՆԱԱՅԻ շրջանին մէջ գտնուած է սուրիացի այլ կնոջ մը դիակը: Շատ հաւանաբար ան եւս կը փորձէր ապօրինաբար Լիբանան մուտք գործել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ինք պիտի ուղղուի իր ընտրացանկը առանձինն կազմելու` առանց քաղաքական այս կամ այն ուժին հետ գործակցելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քուէյթեան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի նկատմամբ թշնամական կեցուածքներ չկան` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին Ապտալիի բջիջին թղթածրարը լուծելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ջնջեց իր թեկնածուներուն յայտարարութեան ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար կիրակի, 28 յունուար 2018-ին:


