Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններու դպրոցներուն վաղը փակելու իրենց դռները:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայ երկու օդակայան, որոնցմէ մէկը Պէյրութի միջազգային օդակայանն է, իսկ միւսը` «Ռընէ Մուաուատ»-ի անուան օդակայանը` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է օգտուի զոյգ օդակայաններէն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարական յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ համաձայնութիւն չկայ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները բաւական լարուած են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ իր այցելուներուն հետ քննարկեց Սայտայի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայտայի նաւահանգիստին եւ ձկնորսներուն վերաբերող հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը արդէն իսկ սկսած են պատրաստուելու ընտրութիւններու կայացման:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չմտածէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ դաշնակցելու մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները յետաձգելու կամ ընտրական օրէնքը բարեփոխելու ոչ մէկ կարելիութիւն կայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելէ ետք տակաւին կարելի չէ խօսիլ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւններուն մասին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Ժեզզինի մէջ ընտրարշաւը բաւական աշխուժ ընթացքի մէջ է` հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է բաց քաղաքականութիւն վարէ միջազգային մակարդակի վրայ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին հաստատեց, որ ընտրական օրէնքը տկար է եւ անիկա նման է 1960-ի եւ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրէնքներուն: Եամմին շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու հաւանականութիւնը առկայ է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը պիտի դրսեւորուի այն իմաստով, որ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին անակնկալներ պիտի արձանագրուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ է` աւելցնելով սակայն, որ ինք այդ համախմբումէն դուրս պիտի գայ, եթէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրին գործակցութիւն առաջարկած է Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ, սակայն վերջինս մերժած է այդ առաջարկը` հաստատելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցութեան իր կառչածութիւնը:

 

Նախորդը

Տաւոսի Մէջ Թրամփ-Նեթանիահու Հանդիպում

Յաջորդը

Նուհատ Մաշնուք Քանատայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովին Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?