Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորակազմ Կառավարութեան Մէջ Կայ Այնպիսի Միասնականութիւն, Որ Կ՛Արտօնէ Անոր Գործել Եւ Նուաճումներ Իրականացնել» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

February 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ կայ այնպիսի միասնականութիւն, որ կ՛արտօնէ անոր գործել եւ նուաճումներ իրականացնել:

Նախարարաց խորհուրդին մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերն ու հոսանքները քաջատեղեակ են, որ երկրին տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը յաւելեալ քաղաքական լարուածութիւն չի կրնար հանդուրժել:

«Ինծի համար յստակ է, որ կայ հասունութիւն մը` քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ տնտեսական ու ընկերային իրավիճակը բարելաւելու», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ տնտեսական եւ ընկերային թղթածրարը Լիբանանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է` աւելցնելով, որ այդ տագնապները լուծելու նպատակներ կան: «Այլապէս` երկրին մէջ տնտեսական եւ ընկերային աղէտ կրնայ արձանագրուիլ», շեշտեց նախարար Կիտանեան:

Ան նկատել տուաւ, որ փտածութեան թղթածրարը կառավարութեան աշխատանքին կիզակէտն է` շեշտելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները Լիբանանի կառավարութեան եւ խորհրդարանին կը պարտադրեն յանգիլ այնպիսի որոշումներու, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ թափանցիկ աշխատանքով վերջ տալ Լիբանանի մէջ բոյն դրած փտածութեան ախտին:

«Պահանջուածը այն է, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարող կառավարութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ համաձայնագիրներն ու նուազուրդները կատարեալ թափանցիկութեամբ ընթանան` կարելի եղածին չափ հեռացնելու համար փտախտը: Ասիկա իրականացնելով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանը զետեղել ճիշդ հունին մէջ, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ կառավարութեան եւ անոր տարբեր նախարարութիւններուն տարած աշխատանքներուն վրայ», հաստատեց նախարար Կիտանեան:

Զբօսաշրջութեան մարզին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ արաբական եւ Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկները Լիբանանի զբօսաշրջութեան մայր երակը կը նկատուին:

 

Նախորդը

Օլուլա Շնորհաւորեց Լիբանանը Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով, Իսկ Սէուտական Արաբիա Պաշտօնապէս Ջնջեց Սէուտցի Քաղաքացիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Շարունակեց Կառավարութեան Մշակած Աշխատանքային Ծրագիրի Քննարկումը, Որ Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթավերջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Ու ՀՅ Դաշնակցութեան Անունով Յ. Թերզեան Կառավարութեան Շնորհեց Վստահութեան Քուէն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.