ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ յառաջիկայ երեքշաբթի, 27 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2019-2030 աղբահանումի ամբողջական տնօրինման ուղեգիծը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի ընդունեց նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը: Հարիրիի այցելեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան ճարտարարուեստի նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի համաձայն գտնուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ առաջին` թիւ 4 նաւթահորին պեղումը կատարուի: Այդ հորը պիտի պեղուի «Թանկսթըն էքսփլորըր տրիլշիփ» ընկերութեան կողմէ` նուազուրդի արդիւնքներուն համաձայն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման շեշտեց, որ նախարարութիւնը յանձնառու կը մնայ աշխատանքի իմաստով իր վաւերացուցած նոր հոլովոյթին գործադրութեան:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ ամէն անգամ երբ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հանդիպում կ՛ունենան, անոնք անպայման պաշտօնները կը բաժնուին իրենց միջեւ եւ ոչ ոքի կարծիքը կ՛առնեն այդ իմաստով:
ՓԱՂԱՆԱԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր հօրեղբօր` Պաշիր Ժեմայէլի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան 37-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պիտի շարունակենք ճշմարտութիւնը ըսել, որքան ալ դժուար ըլլայ ան»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Ասրլան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` վերադառնալու համաձայնութեան: Ան շեշտեց, որ ամբաստանութիւնները կրնան բարդացնել հարցերը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին 6-րդ տարելիցին առիթով յայտնեց, որ արդարութիւնը տակաւին չէ տնօրինուած, որովհետեւ յանցագործները հաշուետուութեան չեն կանչուած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամատ Քապպարա հաստատեց, որ արդարութիւնը պակասաւոր պիտի մնայ, մինչեւ որ Արդարութեան գերագոյն ատեանը վճիռ արձակէ Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումը կազմակերպող եւ գործադրող յանցագործներուն դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ Լիբանանի համար բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը կարեւորագոյնն է, եւ կարելի չէ այդ մասին չխօսիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ կոչ ուղղեց` արագացնելու Թրիփոլիի մզկիթները պայթեցնող յանցագործներուն եւ անոնց մեղսակիցներուն բացայայտումն ու դատավարութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղակատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ յարաբերութիւնները սրբագրելու փուլին մէջ: Ան հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Պաապտայի հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դաշնակից ուժերուն կողմէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը քննադատող արտայայտութիւնները Հըզպալլայի թելադրանքով չեն կատարուած: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէ կը գրէ, թէ կառավարութեան վերջին նիստին Սահմանադրական խորհուրդի նշանակումներուն հոլովոյթը ցաւալի եղած է:


