Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. «Նախագահ Աունի Պէյթէտտին Կեցութիւնը Կ՛ամրապնդէ Լեռնալիբանանի Պատմական Հաշտութիւնը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

August 22, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր Պէյթէտտինի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 46 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, ինչպէս նաեւ պիտի արծարծուին օրակարգէ դուրս առաջարկուած կարգ մը հրատապ հարցեր:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պէյթէտտինի մէջ կայ պայծառութիւն եւ պատմութիւն: «Ճի՛շդ է, որ Պաապտա ունի իր տեղն ու կշիռը, սակայն Պէյթէտտին իր կարգին ունի իր արժէքն ու պատմութիւնը, անկախ անկէ, որ Լեռնալիբանանի մէջ կը գտնուինք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նախագահ Աունը Պէյթէտտինի ամարանոց բարձրանալու առիթով, որովհետեւ Լեռնալիբանանի մէջ անիկա ստեղծած է լարուածութենէ հեռու գեղեցիկ մթնոլորտ մը:

«Նախագահ Աունի Լեռնալիբանան այցելութիւնը կարեւոր է, որովետեւ ան հանրապետութեան նախագահն է, եւ հաստատած է, որ Լեռնալիբանանը կ՛ապրի իր միասնականութեամբ` տիւրզի, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն միջեւ: Նախագահ Աունի Լեռնալիբանան կեցութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ կը մարմնաւորէ Լեռնալիբանանի պատմական հաշտութիւնը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին տնտեսական կացութիւնը, որուն հետեւանքներէն կը տուժեն բոլորը:

«Նախագահ Աուն յայտնեց, որ տնտեսական թղթածրարին մասին օրական քննարկում կը կատարուի, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ տնտեսական թղթածրարը պիտի ըլլայ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը նաեւ ընդգծեց, որ սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածը այն կէտերէն է, որ պէտք է առանց տարակարծութեան գործադրուի: «Սահմանադրութեան գործադրութիւնը պէտք է ամբողջական ըլլայ եւ ոչ ընտրովի», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածը յստակ է, եւ զարմանք յայտնեց անոր գործադրութեան առումով բարձրացած աղմուկին առնչութեամբ: «Մենք պէտք է աշխուժացնենք տնտեսապէս սպառնալիքներու տակ գտնուող երկիրը: Տնտեսական ճգնաժամը ինքզինք կը պարտադրէ, լիբանանցիներուն մէկ երրորդը անգործ է, եւ կը գտնուինք տնտեսական ու ընկերային աղէտալի կացութեան դիմաց», հաստատեց Ռայի պատիարքը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը հիմնական է եւ պէտք է մշակուի, որովհետեւ անիկա Լիբանանի համար կենսական անհրաժեշտութիւն կը նկատուի:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Դատական գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն եւ դատարաններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ապպաս Պանտար Ամիրին: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն Ամիրին պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ սպայ» աստիճանի շքանշանով` դրուատելով լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ անոր դերակատարութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ եւ կայքեր սխալ մեկնաբանած են Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին նախագահ Աունի արտայայտած կեցուածքը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ  պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին նախագահ Աունի յայտարարութիւնը կը նկարագրէր այն իրականութիւնը, որուն մէջ կը գտնուինք`  պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին քննարկումներ կատարած Ազգային երկխօսութեան նիստէն տասը տարի ետք: «Այս շրջագիծին մէջ նկատի առնուած են յատկապէս զինուորական այն զարգացումները, պատերազմներն ու ահաբեկչական նոր խմբաւորումներու գոյութիւնը, որոնք արձանագրուած են Լիբանանի շրջակայքը, անոր դրացի երկիրներուն մէջ, ինչ որ  Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումին առումով նոր մօտեցումներ կը պարտադրէ:

Նախագահական պալատը կը հաստատէ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու կը մնայ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին իր կեցուածքին եւ անհրաժեշտ կը նկատէ համախոհական մթնոլորտի մէջ անոր քննարկումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին նախագահ Աունի տեսակէտները սխալ չմեկնաբանուին, ինչպէս նաեւ բոլորին ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահին կեցուածքները իմանալու համար պէտք է դիմել նախագահական պալատէն բխած պաշտօնական կեցուածքներուն եւ յայտարարութիւններուն:

Նախորդը

«Երկրին Մթնոլորտը Քաջալերական Է, Դրական Եւ Մտահոգութիւններ Փարատող» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայաստանի Մէջ Գիտութեանց Դասաւանդման Նպատակով 140 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Կոչը Կը Կրկնէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.