Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ տասնեակ մը այլ իրաւաբաններու ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց Լիբանանի տարածքին գտնուող տարբեր բանտեր ու արգելարաններ` ստուգելու համար այն պայմանները, որոնց մէջ կը գտնուին բանտարկեալները:
Ռումիէի բանտ կատարած իր այցելութենէն ետք Խալաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրաւաբանը պիտի ըլլայ լիբանանեան ընկերութեան առաջին ծառան:
«Այս այցելութիւնը եղաւ առիթ մը` իմանալու արգելափակեալներուն ամէնօրեայ տառապանքներուն մասին: Անհրաժեշտ է, որ բոլորը համախմբուին` ստանձնելու համար պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:
Խալաֆ դրական գնահատեց իրաւաբաններուն կողմէ լիբանանեան բանտեր այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց ապահովութեան ուժերուն գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը ո՛չ միայն կը հսկեն լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան, այլեւ` յանձնառու են բանտարկեալներուն ապահովութեան:
«Յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է մարդ արարածը նկատէ իր կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բոլոր պատասխանատուներուն այցելելու Լիբանանի բանտերը:
Խալաֆ հաստատեց, որ կատարուած այս այցելութեան լոյսին տակ լիբանանցի իրաւաբանները պիտի մշակեն ազգային ծրագիր մը` դիւրացնելու համար լիբանանցի բանտարկեալներուն կեանքը:
Խալաֆ նշեց, որ ինք այցելած է արգելափակեալ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի` նշելով, որ ան կը գտնուի առողջական լաւ վիճակի մէջ:



