Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քորնիշ Մազրաան Երէկ Գիշեր Վերածուեցաւ Քաղաքացիներուն Եւ Բանակին Միջեւ Արձանագրուած Բուռն Բախումներու Ճակատի

December 21, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապի նշանակումը մերժող քաղաքացիներ, որոնք հիմնականին մէջ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետեւորդներն ու համակիրներն էին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին փակեցին Վերտանի ճամբան:

Լիբանանեան բանակը, որ կը գտնուէր շրջանին մէջ, փորձեց վերաբանալ ճամբան, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներու:

Մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00 բախումները մնացին սահմանափակ եւ հակակշռուած: Սակայն աւելի ուշ այդ բախումները ստացան բուռն բնոյթ:

Բախումներուն ընթացքին ցուցարարները բանակայիններն ու ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին, այս պատճառով ալ վիրաւորուեցան 8 բանակայիններ:

Բանակը իր կարգին ցուցարարներուն վրայ արձակեց արցունքաբեր կազեր` փորձելով ցրուել զանոնք:

Ցուցարարները մնացին անդրդուելի եւ հսկայ աղբամաններուն մէջ կրակ վառեցին` փակ պահելով ճամբաները եւ մերժելով Հասսան Տիապը` իբրեւ վարչապետ:

Շրջանի մզկիթներուն իմամները իրենց կարգին կոչեր ուղղեցին ցուցարարներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու, փողոցէն հեռանալու եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու:

Սաատ Հարիրի յետմիջօրէին թուիթըրեան իր հաշիւով կոչ ուղղած էր բոլոր անոնց, որոնք զինք կը սիրեն` հեռանալու փողոցէն:

Կէս գիշերին ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեց ցուցարարներուն պարպելու փողոցները` կանխարգիլելու համար սադրանքները:

«Կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ լսելու հրաժարեալ վարչապետին յայտարարութիւնը եւ պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու չափաւորականութեան սկզբունքը, որ մնայուն կերպով եղած է Հարիրիի ոճը», ըսաւ Հասան:

Նշենք, որ ուշ գիշերին հերքուեցաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ Սաատ Հարիրի մեկնած է Ֆրանսա:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկրին ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է», ըսաւ ան:

Քորնիշ Մազրաայի մէջ բախումները վերջ գտան եւ զգուշաւոր լռութիւն հաստատուեցաւ շուրջ կէս գիշերին:

 

 

Նախորդը

Տէյվիտ Հէյլ Լիբանանցի Ղեկավարներուն Յորդորեց Բարեկարգումներ Կատարել

Յաջորդը

Նշանակուած Վարչապետ Հասսան Տիապ Այցելեց Նախկին Վարչապետներուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.