Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց իր իտալացի գործընկերը` Լուիճի Տի Մայոն, որ քննութեան այցելութիւն կը կատարէր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իտալական ուժերուն, որոնք կը գործեն արտակարգ ուժերու ծիրին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումները: