Վարչապետ Սալամ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի 2-րդ Փուլին 4 Ամսուան Մէջ Գործադրութեան Համար Պայման Մը Կը Ճշդէ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ պետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեց իր վերահսկողութիւնը հարաւային Լիբանանի վրայ, բացի այն դիրքերէն, զորս Իսրայէլ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ: Ան պետութեան վերահսկողութեան վերականգնումը որակեց «պատմական իրադարձութիւն»: Սալամ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարող է զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի փուլը 4 ամիսէն գործադրել, եթէ յարմար պայմանները ապահովուին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանը Իրանէն աջակցութեան չի կարօտիր,...



















