. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Գահիրէի խորհրդաժողովին ներկայացուց երկու առաջարկ` բանակին եւ ապահովական ուժերուն աջակցելու համար կամ նիւթական ֆինանսաւորում տրամադրելու, կա՛մ ալ բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնէ ցանկը իր կարեւորագոյն պահանջներուն, որոնք մասնակից պետութիւնները կ՛ապահովեն»:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակ յանձնախումբի անդամ պետութիւնները պիտի փորձեն Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ կարելի եղածին չափ աջակցիլ բանակին, եւ այս խորհրդաժողովը կրնայ յետաձգուիլ կամ նոյնիսկ ջնջուիլ, եթէ Իրանի դէմ զինուորական մեծ հարուած տեղի ունենայ, եւ Լիբանան անկէ ազդուի»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Անտրէ Ռահհալին անկեղծօրէն յայտնեց, թէ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումը պիտի ընդունուի միայն, եթէ հիմնուի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրինագիծի մը վրայ, որուն մէջ երկարաձգումը առնուազն երկու տարուան համար կ՛ըլլայ»:
. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այս ամիս աւարտող արտակարգ նստաշրջանէն ետք արտակարգ նստաշրջանի բացումը կը նշանակէ, թէ հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին միջեւ ընտրութիւններու վերաբերեալ որոշակի «ելքի» մը շուրջ համաձայնութիւն կայ»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Շուֆի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններէն մէկը հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աունին հեռաձայնեց` անգամ մը եւս թեկնածու առաջադրուելու համար անոր միջամտութիւնը խնդրելով, այն համոզումը գոյացնելէն ետք, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ կը փափաքի փոփոխութիւն կատարել եւ ընտրաշրջանին մէջ կեդրոնանալ այլ համայնքի մը պատկանող աթոռներու վրայ»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Բանակի հրամանատարութիւնը տողատակի որոշում տուաւ դէմ կանգնելու բռնագրաւուած հինգ կէտերէն իսրայէլեան բանակի իրերայաջորդ ցամաքային ներթափանցումներուն` տեղակայելով զինուորական անցակէտեր, որոնց թիւը շաբաթ օր պիտի հասնի 45-ի, եւ անոնցմէ 17-ն` արեւելեան հատուածին մէջ»:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Համաներման շուրջ քննարկումը, հակառակ իր հայրենասիրական ու մարդասիրական բնոյթին, պիտի չանջատուի արդարութեան գաղափարէն, եւ որեւէ հաւանական օրէնք ենթակայ պիտի ըլլայ խիստ սահմանափակումներու, որոնք կ՛արգիլեն ազգային սկզբունքներու ոտնահարումը»:
. ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ հինգշաբթի օր Պեքայի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 2 զոհեր` կին մը եւ սուրիացի մանուկ մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են 29 քաղաքայիններ, որոնց 9-ը երեխաներ են, իսկ 8-ը` կիներ:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 16000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.815.000 լ.ո.-ի եւ 1.858.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը եւս բարձրացաւ 16000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.398.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.401.000 լ.ո.:


